Պոլսահայ Լուսանկարիչ Նուրան Աքքայեան Հիւրընկալուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Նոյեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ժամանակակից պոլսահայ լուսանկարիչ Նուրան Աքքայան եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ` պոլսահայ լրագրող Սեւան Աթաօղլուն:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` նախարարը շնորհաւորեց առաջին անգամ Հայաստանի մէջ Նուրան Աքքայայի «Հայերը Թուրքիոյ մէջ» լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման եւ «Հայերը» ալպոմի շնորհանդէսին առթիւ:
Նուրան Աքքայեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան, իր ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակցելու եւ լայնօրէն լուսաբանելու համար եւ նշեց, որ իր երազանքը իրականացաւ, եւ ինք կրցաւ Հայաստանի հասարակութեան ծանօթացնել Թուրքիոյ տարածքին մէջ ապրող մեր տաղանդաւոր, բայց ստուերի մէջ ապրող հայրենակիցներուն:
Քննարկուեցան յետագայ համագործակցութեան հարցեր: