Զատիկ Յովհաննէս-Պալապանեան .«Ինծի Համար Հայրենիքը Միշտ Ալ Եղած Է Այդ Գեղեցիկ Աղջիկը Իմ Երեւակայութեանս Մէջ» Կամ` «Չէ՞ Որ Բժիշկ-Սրտաբանն Ալ Աստուծոյ Ստեղծած Մարդ Է»

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Ակցիա առողջութիւն. Հայաստան-Ֆրանսա» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ հոկտեմբեր 25-ին մեկնարկած սրտաբանութեան եւրոկովկասեան 4-րդ համաժողովին կը մասնակցէին աշխարհի տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած 50 սրտաբաններ, ինչպէս նաեւ` 180 սրտաբան Հայաստանէն  եւ Արցախէն:

«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած է Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած եւ «Քանկոր» սիրտ-անօթային բժշկական կեդրոնին մէջ աշխատանքի անցած բժիշկ-սրտաբան Զատիկ Յովհաննէս Պալապանեանի հետ:

Պարո´ն  Յովհաննէս – Պալապանեան, ո՞ւր ուսանած էք սրտաբանութիւնը:

– Սուրիա, Հալէպ ուսանած եմ: Աւարտած եմ թերապիայի բաժինը, որմէ ետք 3 տարի խորացած եմ «conservative» պահպանողական սրտաբանութեան մէջ, այնուհետեւ` «invasive» ներխուժող
սրտաբանութեան: 2012-ի սեպտեմբեր 25-ին տեղափոխուած ենք Հայաստան:
Ընտանիքս` մայրս, տիկինս եւ ես, շատ մեծ փափաք ունէինք Հայաստան գալու, անոր նպաստեց նաեւ իմ ծննդավայր Սուրիոյ մէջ սկսած պատերազմը:

Եկաք հիմնաւորապէ՞ս, թէ՞ որոշած էք լիակատար խաղաղութեան հաստատումէն ետք վերադառնալ Սուրիա:

– Այս հարցումը դժուար է այն առումով, որ Հալէպը իմ ծննդավայրս է, եւ ես ապրած եմ այնտեղ 32 տարի, բայց Հայաստան գալով, աշխատանք ունենալով` յոյս ունենանք, որ այստեղ կրնանք ընտելանալ եւ մեր կեանքը հիմնովին այստեղ շարունակել: Մեզի համար Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուիլը օտարութիւն չենք համարեր, որովհետեւ Հայաստանը մեր Հայրենիքն է, ուր մեզի շատ լաւ ընդունեցին, օգնեցին, շրջապատեցին սիրով, ջերմութեամբ:

Մինչեւ Սուրիոյ մէջ պատերազմական գործողութիւններ սկսիլը երբեւէ մտածած
է՞ք Հայաստան տեղափոխուելու մասին:

– Անպայմա´ն: Ես ալ, Հալէպի բոլոր հայերն ալ միշտ մտածած են այդ մասին, բայց միշտ վախցուցած է ֆինանսական վիճակը. մարդիկ իրենց գործը, իրենց տուները չէին ուզեր ձգել: Ես անձամբ 2004-ին մասնակցած եմ Համահայկական երիտասարդական հաւաքին, 2009-ին, իբրեւ Սուրիոյ ներկայացուցիչ,
եւրոկովկասեան համագումարին  մասնակցած եմ… Միշտ ալ ունեցած ենք Հայաստանի մէջ ապրելու մտադրութիւն:

Ընտանիքէն ո՞վ էր ամէնէն շատ որ կը փափաքէր Հայաստան գալ:

– Բոլորս: Հիմնականին մէջ ես  այդ թեման շատ կ’արծարծէի եւ կ’ըսէի, որ  օր մը  որոշում պիտի առնենք ու տեղափոխուինք Հայրենիք, եւ տեղափոխուեցանք: Վարձով կ’ապրինք Երեւանի մէջ: Ես երկու տարի է, որ ամուսնացած եմ. Հալէպ նոր տուն գնած էինք, մեր փողերը այդ տունին կապած էինք, ատոր համար այստեղ տուն գնելու հնարաւորութիւն չունէինք: Փառք Աստուծոյ, կ’աշխատիմ, եւ մեր կեանքը
հայրենիքի մէջ կամաց-կամաց հունի մէջ կը մտնէ:

Պարո´ն Զատիկ, ինչպէ՞ս տեղաւորուեցաք «Քանկոր» սրտանօթային բժշկական կեդրոնը:

– Մինչեւ «Քանկոր»- աշխատանքի անցնիլը, 6 ամիս աշխատած եմ Երեւանի քաղաքային  3-րդ հիւանդանոցին մէջ:

Հեշտութեա՞մբ ընդունուեցաք աշխատանքի, ո՞վ օգնեց Ձեզի այդ հարցով.
սփիւռքի նախարարութիւնը՞, թէ՞ դուք գտաք:

–  Ես Սփիւռքի նախարարութիւն դիմեցի, մեզի մէկ-երկու գործի առիթ առաջարկեց, բայց բարեկամներու միջոցաւ իմացայ, որ 3-րդ հիւանդանոցին մէջ  «invasive»  սրտաբանի պէտք ունին: Վեց ամիս այդտեղ լաւ համագործակցեցանք, լաւ գործողութիւններ կատարեցինք: Ետքը կապուեցայ «Քանկոր»-ի հիմնադիր տնօրէն, սրտաբան Շահէն Խաչատրեանի հետ (որուն կը ճանչնայի 2009-էն), ինծի շատ սիրով ընդունեց գործի:  Ան շատ լաւ  կը վարձատրէ եւ թիկունք  կանգնած է, որ
ընտելանանք նոր միջավայրին, յաղթահարելու հիւանդներու հետ եղած բոլոր տեսակի դժուարութիւնները:

–  Հոգեբանօրէն շատ ծանր ոլորտ  ընտրած էք. մարդը ունի մէկ սիրտ, եւ սիրտն է, որ կը կարգաւորէ մարդու ողջ կազմուածքը, ֆիզիքական ողջ աշխարհը… Երբ մարդը, հիւանդը կու գայ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, եւ Դուք գիտէք, որ այդ հիւանդը կրնայ չապրիլ, ի՞նչ զգացումներ կ’ունենաք, ինչպէ՞ս կը յաղթահարէք այդ ամէնը հոգեբանօրէն:

–  Դիւրին չէ, ի հարկէ, այդ ոլորտը: Երբ ես ընտրեցի  «invasive»  սրտաբանութեան ոլորտը, պատճառներէն մէկն այն էր, որ ուզեցի մարդուն ամէնէն կարեւոր մարմնի ծանր վիճակներուն մէջ միջամտութիւն կատարեմ եւ իրենց, Աստուծոյ հրամանով, նոր կեանք եւ նոր շունչ տամ, առողջութիւն
պարգեւեմ: Դժուար է. չէ՞ որ բժիշկ-սրտաբանն ալ Աստուծոյ ստեղծած  մարդ է:

–  Ժառանգաբա՞ր  փոխանցուած է Ձեզի բժշկութիւնը, գերդաստանին մէջ եղա՞ծ են բժիշկներ:

–  Ընտանիքիս մէջ չեմ ունեցած անմիջական բժիշկ-մասնագէտներ: Իմ հայրս շատ լաւ արհեստաւոր էր. Սուրիոյ մակարդակով կօշիկի արտադրութեան նշանաւոր մասնագէտ էր, գործարան ունէր: Սուրիոյ իշխանութիւններու կողմէ մի քանի անգամ պարգեւատրուած է` իբրեւ իր գործի մէջ յառաջատար մասնագէտ: Հայրս շատ կը փափաքէր, որ ես բժշկութիւն ուսանիմ: Երբ ան մահացաւ, ես ընդամէնը 18
տարեկան էի. մայրս` Սիլվան, ինծի թիկունք եղաւ, որ ես բժշկական համալսարան ուսանիմ` իր աշխատանքով, իր ջանքերով հոգալով ուսանողական տարիներու բոլոր ծախսերը:

–  Ինչ  կ’անհանգստացնէ Ձեզի, Ձեր աշխատանքի  բնագաւառին մէջ:

–  Առանձնապէս շատ անհանգստութիւններ չունիմ աշխատանքիս մէջ, բայց ընդհանուր բժշկական միջավայրին մէջ աշխատավարձի ցած ըլլալը կը նեղէ բժիշկներուն, այդ պատճառաւ անոնք կը փորձեն երթալ եւ աշխատիլ արտերկիր… ատիկա կ’անհանգստացնէ զիս:

–  Հիւանդներու մէջ որո՞նք են, որ աւելի մեծ թիւ կը կազմեն` տարեցները՞, երիտասարդները՞, երեխաները՞, կանա՞յք, տղամարդի՞կ…

–  Շատ հետաքրքիր հարցում է, ես կ’ուզեմ աւելի լայն պատասխանել:

Հայաստանի մէջ սրտանօթային հիւանդութիւնները կը հանդիպին աւելի երիտասարդ տարիքի: Արտերկրի մէջ սրտի կաթուածներու տարիքը մօտաւորապէս 50-է 55-ն է, իսկ այստեղ արդէն` 40, նոյնիսկ`30: Որպէս չգրուած օրէնք` գրեթէ կու գան արդէն շատ ծայրայեղ, սուր վիճակներու մէջ: Հիւանդներու 85- 90%-ը տղամարդիկ են, 10%-ը` կանայք:

–  Պարոն Յովհաննէս-Պալապանեան, այս տարիներուն Հայաստանի մէջ մօտաւորապէս քանի՞ վիրահատութիւն  կատարած էք:

–  Մօտաւորապէս 130 վիրահատութիւն կատարած եմ:

–  Դրական ելքե՞ր եղած են աւելի, թէ՞ բացասական:

–  Դրականները շատ աւելի  եղած են: Այս վերջին 6 ամիսներուն «Քանկոր»-ի մէջ ստենտաւորուած հիւանդներու մօտ ամէն ինչ բարեյաջող  ընթացած է, փա´ռք Աստուծոյ, ոչ մէկ մահ չենք ունեցած: Իտէալական արդիւնքներու տոկոսը մօտաւորապէս 94- 96% : Հպարտ ենք, որ Հայաստանի` «Քանկոր» կեդրոնին մէջ, կրցած ենք ունենալ յաջողութեան համաշխարհային չափանիշներ:

–  Գիտական աստիճան, կոչում ունի՞ք:

–  Ո´չ, չեմ հասցուցած: Կ’ուզէի ընտրել սրտի անօթներու նեղացման պատճառներէն մէկը եւ այն բաղդատել հեմոսիդրինի հետ, բայց չի կրցայ, ժամանակ չեղաւ: Հիմա արդէն որոշած եմ դիմել Հայաստանի սրտաբանական ընկերակցութեան եւ այդ թեմայով պաշտպանել դոկտորական թեզ:

–  Ին՞չ սորված էք բժիշկ, գործընկեր, ղեկավար, մարդ, փորձառու եւ վաստակաշատ սրտաբան Շահէն Խաչատրեանէն:

–  Չորս տարի է, որ կը ճանաչամ իրեն` Հայաստանի յառաջատար սրտաբան Շահէն Խաչատրեանը, որմէ միշտ կարելի է սորվիլ: Անոր փորձառութիւնը մեզի շատ բան կու տայ: Շատ կ’ըլլան բազմաստենտաւորման դէպքեր, երբ մեզի իր փորձառութեամբ կ’օգնէ Շահէն Խաչատրեան, ան չի խնայեր իր գիտելիքները:

–  Շատ ծանր, պատասխանատու մասնագիտութիւն ընտրած էք. երբեւէ չէ՞ք զղջացած:

–  Չէ´, երբեք: 10 տարեկանէս իմ նպատակս, երազանքս սրտաբան դառնալն է: Ի հարկէ, դժուար է, ի հարկէ, կայ զոհաբերութիւն, բայց հիւանդի կեանքը փրկելը վեր է ամէն ինչէ:

–  Ընտանիքի եւ հանգիստի համար ժամանակ կը գտնէք:

–  Ամէն օր ժամանակ կը գտնեմ  ընտանիքիս համար: Երբ տուն վերադառնամ, մէկ տարեկան 2 ամսական տղայ ունիմ, անոր հետ բակ կ’իջնեմ, կը խաղամ, եւ ատիկա  իմ ամենալաւ հանգիստն է, որովհետեւ զաւկիս հետ կարծես մանուկ կը դառնամ:

–  Երկու տարի է, որ Հայաստան եկած էք. Հայաստանի մէջ, հայերու մօտ ի՞նչը կը զարմացնէ ու կը զայրացնէ ձեզի:

–  Իմ հանդիպած բոլոր հայերն այստեղ գանգատներ ունին երկրէն, ապրելակերպէն, բայց բոլորն ալ միեւնոյն ատեն ուրախ կ’ապրին. Այս մէկը կը զարմացնէ ինծի: Ինչը կը զայրացնէ… Մարդիկ բժշկական գործողութեան կարիք ունին, բայց հնարաւորութիւն չունին: Այս մէկը շատ կը զայրացնէ ինծի: Կը յիշեմ, որ Սուրիոյ մէջ թանկ վիրահատութիւնները ուղղակի ձրի կը մատուցէինք, որովհետեւ կառավարութիւնը կ’օգնէր: Սրտի վիրահատութիւնները շտապ գործողութիւններ են, որոնց համար հարկաւոր է պետպատուէրի բաժին միշտ ունենալ, եւ այդ վիրահատութիւնները կիսավճար ըլլան:

–  Եթէ Սուրիոյ մէջ ամէն ինչ հարթուի, բացարձակ խաղաղութիւն տիրէ, կը մնաք
Հայաստան, թէ՞ կը վերադառնաք ծննդավայր:

–  Դժուար հարց է. Հալէպը մեր ծննդավայրն է, ուր շատ յիշատակներ ունինք` տուն, դպրոց, եկեղեցի, ակումբներ… Եթէ ըսեմ, որ 100%-ով Հայաստան կը մնանք, մեծ հայրենասիրութիւն կ’ըլլայ, եթէ ըսեմ` Հալէպ կը վերադառնամ, դարձեալ մեծ հայրենասիրութիւն է, որովհետեւ այնտեղ հայկական գաղութ կայ, որ պահպանելը նոյնպէս հայրենասիրութիւն է: Եթէ ըսեմ, որ հաստատ Հայաստան կը մնամ կամ
Հալէպ կը վերադառնամ, ատոնք երկուքն ալ հաւասար հայրենասիրական պատասխաններ են:

–  Ին՞չ է Ձեզի համար Հայաստանը, Հայրենիքը:

–  Ինծի համար Հայրենիքը միշտ ալ եղած է այդ գեղեցիկ աղջիկը իմ երեւակայութեանս մէջ: 25 տարի ապրելով օտարութեան մէջ` կը պատկերացնէինք մտովի մեր Մասիսը, մեր Գեղարդը, Էջմիածինը, մեր Երեւանը… Անոնք արդէն այսօր մեզի համար իրականութիւն են, ես արդէն միացած եմ այդ սիրած,
գեղեցիկ աղջկան հետ եւ կ’ուզեմ անոր հետ մնալ:

Հարցազրոյցը վարեց

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up