Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Նոր Համալիրին Ի Նպաստ Ձեռնարկը 120,000 Տոլար Գոյացուց

 Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ նոր համալիրի կառուցումը ապահովելու նպատակով կազմակերպուած՝ «Կամուրջ դէպի ապագայ» տարեկան 4րդ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22ի երեկոյեան, Քարլզպատի «Փարք Հայէթ Աւիարա» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, ներկայցութեամբ 200 հոգիի, գոյացնելով 120,000 տոլարի գումար մը։

Եկեղեցւոյ հիմնադրամի յանձնախումբին եւ եկեղեցւոյ նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեանի միացեալ ջանքերով կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ էին առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ նաեւ ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր, իսկ ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր Սան Տիէկոյի «Սի.Պի.Էս. 8» կայանի յայտնի հաղորդավար Տենիըլ Քոհըն։

Ձեռնարկին ընթացքին գործա-դրուեցաւ գեղարուեստական հարուստ յայտագիր մը եւ տեղի ունեցաւ Սան Տիէկոյի հայութեան եւ եկեղեցւոյ պատմութեան նուիրուած տեսանիւթի մը ցուցադրութիւնը։

Յիշեցնենք, որ Տել Մար քաղաքին մօտերը գտնուող նոր համալիրը եկեղեցւոյ կողքին պիտի ունենայ նաեւ ընկերային ձեռնարկներու սրահ մը, երիտասարդական կեդրոն մը, մարզական սրահ, գրադարան, դասարաններ, դաշտահանդէսներու վայր եւ ընդարձակ կանգառ: Հիմնարկէքը տեղի պիտի ունենայ 2017ի աւարտին։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up