Անհնարին Է Պատկերացնել Արցախի Զարգացումն Առանց Համայն Հայութեան Գործուն Մասնակցութեան. Բակօ Սահակեան Հանդէս Եկած Է Ուղերձով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/11/Bako2.jpg)
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 19-րդ հեռուստամարաթոնին ընթացքին քիչ առաջ հեռուստաուղերձով հանդէս եկած է ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան:
Հանրապետութեան նախագահը վստահութիւն յայտնած է, որ համայն հայութեան բարեգործութեան շնորհիւ Արցախ ապրող երեխաները հնարաւորութիւն կ’ունենան ապրելու խաղաղ երկնքի ներքոյ, այցելելու յարմարաւէտ մանկապարտէզներ ու դպրոցներ եւ ունենալու բարձրակարգ բուժհաստատութիւններ:
«Ես աւելի քան վստահ եմ, որ այս անգամ էլ միասնաբար կը կարողանանք լուծել Արցախի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան առաջ ծառացած խնդիրները: Մեր բոլոր յաղթանակներն ու ձեռքբերումները Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կուռ եռամիասանութեան մէջ է: Անհնարին է պատկերացնել Արցախի զարգացումն առանց համայն հայութեան գործուն մասնակցութեան: Համոզուած եմ, որ մեր աւանդը կը բերենք հայրենիքի անկախութեան, անվտանգութեան եւ բարեկեցութեան գործին, որպէսզի հայկական երկու հանրապետութիւններում տիրի խաղաղութիւն»,- նշած է Արցախի նախագահը: