«Իմ Արցախը» Խորագիրի Ներքոյ Այսօր Կը Կայանայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 19-րդ Հեռուստամարաթոնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/11/Maraton.jpg)
Այսօր` Նոյեմբեր 24-ին, կը մեկնարկէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 19-րդ հեռուստամարաթոնը, որ տեղի կ’ունենայ «Իմ Արցախը» խորագիրի ներքոյ:
Համազգային դրամահաւաքի հանգանակութիւնները պիտի նպատակաուղղուին Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեանն ու պաշտպանութեան ուղղուած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի բազմազաւակ ընտանիքներուն համար առանձնատներու կառուցման: Պիտի շարունակուին նաեւ նպատակային յատկացումներով ծրագիրներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Հեռուստամարաթոնը կը մեկնարկէ Երեւանի ժամանակով 22:00-ին եւ 12-ժամեայ ուղիղ եթերով կը հեռարձակուի Հայաստանի Հանրային, Արմենիա, Շանթ եւ Երկիր Մետիա հեռուստաալիքներով, ինչպէս նաեւ առցանց` www.himnadram.org:
Ամէնամեայ hեռուստամարաթոնի եթերով Հիմնադրամը կ՛ամփոփէ տարուան ընթացքին իրագործուած եւ ընթացիկ ծրագիրները, կը յայտարարէ տեղական մարմիններու հաւաքագրած գումարները:
Նուիրատուութիւն կրնաք կատարել` SMS ուղարկելով 8000 կարճ թիւին կամ զանգահարելով 090008000 (sms) զանգի արժէքն է 300 դրամ, այցելելով Հայփոստի որեւէ բաժանմունք կամ Հիմնադրամի գործադիր վարչութիւն, ինչպէս նաեւ դրամատունէ փոխանցում կատարելով Հիմնադրամի` ՀՀ Կեդրոնական դրամատան հաշուեհամարին 103003215672 (ՀՀ դրամ), 103003615673 (ԱՄՆ տոլար):
Նուիրատուութիւնները կ՛ընդունուին նաեւ առցանց` donate.himnadram.org:
Նշենք, որ «Իմ Արցախը» խորագիրը կրող «Հեռուստամարաթոն 2016»-ին ընդառաջ Արցախի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան եւ Արցախի հոգեւոր թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան այս օրերուն կը գտնուին Միացեալ Նահանգներ: