Հայկական Խաչքարի Օծում Յորդանանի ՄԷջ

Կիրակի, Նոյեմբեր 20-ին Ամմանի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման արարողութիւն:
Այն իրականացուցին Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ համայնքներու առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, Յորդանանի համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Աւետիս վարդապետ Իբրաջեան եւ Աւետիք վարդապետ Յովհաննիսեան: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Ամմանէն Այգ Պետրոսեան-Յակոբեանը:
Հանդիսաւոր արարողութեան ելոյթ ունեցաւ Յորդանանի մէջ` Պրազիլի դեսպանատան մշակոյթի գիծով փոխ-հիւպատոս պրն. Յովսէփ Սէֆէրեան:
«Ամէն հայ պիտի ձգտի իր ասպարէզին մէջ լաւագոյնը ըլլալու, եւ մեր ողջ կարողութիւնը՝ ռազմական, նիւթական, գիտական եւ մարդկային, հաղորդակցական, պիտի գումարուին եւ ի սպաս պիտի դրուին մեր Պետութեան հզօրացման ի խնդիր, իսկ մեր 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու բարեխօսութիւնը պիտի նպաստէ այս գործընթացին: Եւ այսպէս, մէկուն զէնքը, միւսին փողը, երրորդին գիտութիւնը, չորրորդին կապերը եւ, պահանջեալ հարկին, բոլորիս արիւնը, Մահ Իմացեալ Անմահութիւն է դրօշի ներքոյ պիտի կերտէ Հայկական Հզօրանք, որ զղջում պիտի պարտադրէ թուրքին եւ արդարութեան դռները լայն պիտի բանայ մեր առջեւ:
Այս գործընթացին սկիզբը սէրն է․ Ամէն հայ պարտի սիրել ամէն հայու և յարգել անոր, նախանձն ու բամբասանքը մեզ չի միաւորեր այլ բաժան բաժան կ՛ընէ եւ կը տկարացնէ մեզ»- ըսաւ ան:
Պրն. Յովսէփ Սէֆէրեանի նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ S.O.S. Chretiens d’Orient կազմակերութեան աջակցութեամբ արարողութեան աւարտին հոգեճաշ մատուցուեցաւ բոլոր ներկայ հաւատացեալներուն:
Նշենք,, որ Յորդանանի հայ համայնքը կը պատկանի Երուսաղէմի պատրիարքութեան: Կան երեք եկեղեցիներ` Ս. Թադէոս առաքելական եկեղեցի, Ս. Կարապետ առաքելական եկեղեցի, Ս. Սահակ եւ Մեսրոպ կաթոլիկ եկեղեցի: Կը գործեն Կիւլպէնկեան–Եուզպեշեան, ինչպէս նաեւ Սահակ–Մեսրոպ վարժարանները, որոնք ՀՕՄ–ի, ՀՄԸՄ–ի եւ ԱՄՄ–ի հետ միասին մեծ դերակատարութիւն ունին Յորդանանի մէջ հայապահպանման գործընթացին: