ՀՕՄ-ի Երիտասարդական Ծրագիրը «MIT»-ի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/11/ars-ycp-2016-38-1024x684.jpg)
Անցեալ Մարտին Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած ՀՕՄ-ի Երիտասարդական Ծրագիրի յաջողութեան արձագանգին ընդառաջելով, Հայ Օգնութեան Միութիւնը այս ծրագիրին երկրորդ փուլը կայացուց Պոսթընի մէջ, Նոյեմբեր 5, 2016-ին, Massachusetts Institute of Technology-էն ներս։
Գանատայէն եւ Ամերիկայի Արեւելեան ու Արեւմտեան շրջաններէն ժամանած վաթսուն երիտասարդներ մասնակցեցան այս ծրագիրին, որ կազմակերպուած էր ՀՕՄ-ի ԱՄՆ-ի Արեւելեան Շրջանի կողմէ, համագործակցութեամբ՝ MIT-ի Հայկական Ընկերակցութեան։ Այս անգամ եւս, ծրագիրը կը ղեկավարէր Ֆրեզնոյի CSU Henry S. Khazandian Kazan համալսարանի այցելու դասախօս Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան։
Ծրագիրը, որ վերնագրուած էր «Արմատներ Եւ Թեւեր», կ՚ընդգրկէր դասախօսութիւններ հայկական ինքնութեան եւ հետազօտական լրագրութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ հայկական ծինաբանութեան, հայկական ժողովրդական պարի, եւ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս տեղի ունեցող իրադարձութիւններու մասին աշխատանոցներ։ ։ Դասախօսներու եւ աշխատանոցներու կազմակերպիչներու շարքին էին երեք անգամ Փուլիցըր Փրայզի թափնեկիր, հետազօտական լրագրող Սթիվըն Քիւրքճեան, Արեւմտեան Հայաստանի ժողովրդագրութեան մասնագէտ Ճորճ Աղճայեան, ժողովրդական պարերու աշխատանոցի կազմակերպիչ Թալին Մարտիրոսեան եւ մարդկային իրաւանց փաստաբան ու հանրային գործիչ Կէյ Օզբինար։
Որպէս հետազօտական լրագրող «Պոսթըն Կլոպ»ի հետ ունեցած իր փորձառութեան մասին խօսելով Քիւրքճեան բացատրեց, թէ ինչպէ՞ս լրագիրին Ուաշինկթընի գրասենեակի նախագահն էր եւ «Սփաթլայլ» խումբին հիմնադիրներէն մէկը։
Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողի մը զաւակը՝ ան կը յիշէ թէ ինչպէ՞ս օր մը իր հանգստեան կոչուած հայրը ըսաւ, «Կ՚ուզեմ իմ գիւղս վերադառնալ», ակնարկելով Էրզրումի հարաւը գտնուող իր ծննդավայրին։ Ըստ Քիւրքճեանի, այդ անկիւնադարձային վայրկեանը պատճառ հանդիսացաւ, որ ան վերադառնայ իր հայկական արմատներուն ու գնահատէ զանոնք, զինք մտածել տալով թէ ինչպէ՞ս իր մասնագիտական հմտութիւնները կրնայ ծառայեցնել յօգուտ իր համայնքին։
Ապա ան պատմեց, թէ ինչպէ՞ս յայտնաբերած է իր հօր վերապրումի պատմութիւնը, որուն մասին շատ քիչ բան խօսուած էր իր մանկութեան ընթացքին։ Քիւրքճեան պատմեց թէ ինչպէ՞ս առիթը ունեցած է հետազօտելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, երբ հեռաձայն մը ստացած է հայ կնոջմէ մը, որ Ցեղասպանութեան օրերէն մնացած նկար մը ունէր իր մօտ։ Նկարին մէջ կային 55 տղամարդիկ, որոնցմէ միայն մէկին ինքնութիւնը ծանօթ էր կնոջ։ Քիւրքճեան բացատրեց թէ այս մարդոց մասին տեղեկութիւններ հաւաքելով կրցաւ հետազօտական լրագրութեան կտոր մը գրել։ Ան շեշտեց թէ անհրաժեշտ է որ երիտասարդ հայերը իրենց մէջ պահ դրուած «վիշտի արմատները» վերածեն «յոյսի սերմերու»։
Քիւրքճեան նաեւ շեշտեց, թէ սփիւռքի մէջ հայերը պէտք է իրենց անձնական մասնագիտութիւնները ծառայեցնեն ի նպաստ իրենց գաղութին։ «Իւրաքանչիւր հայ ունի կարողութիւն մը, որ կրնայ օգուտ բերել Հայաստանին ու հայութեան» ըսաւ ան, իր անձնական օրինակը բերելով, թէ ինչպէ՞ս կրցած էր իր հետազօտական լրագրողի հանգամանքով լուսարձակի տակ առնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Երկրորդ դասախօսը՝ Ճորճ Աղճայեան, պատմեց թէ յատուկ սէր ունեցած է հայոց պատմութեան հանդէպ եւ այդ առթիւ անդրադարձած է, իրենց ընտանիքի վերջին վերապրողին՝ մեծ մօր պատմութեան մասին։ Աղճայեան ներկաները փոխադրեց իր ճամբորդութեան, քայլ առ քայլ նկարագրելով թէ ինչպէ՞ս յայտնաբերեց իր մեծ մօր վերապրումի պատմութիւնը։ Ան պատմեց թէ հետախուզելով «Ճորճթաուն Կըրլզ» ծրագիրի արխիւները, կրցած էր տեղեկութիւններ յայտնաբերել իր մեծ մօր եւ անոր մօր փրկող ընտանիքին մասին։
Աղճայեան նաեւ բացատրեց թէ ինչպէ՞ս ծինային վերլուծումը կրնայ նպաստել ծանօթանալու մեր արմատներուն։ Ան բացատրեց թէ այս միջոցով կրցած էր գտնել երկու զարմիկներ, որոնցմէ մէկը Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրէր։ «Նախահայրերուս պատմութիւնը պեղելու ընթացքին ես կրցայ Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներէն երկուքը՝ կեանքի վերադաձնել», ըսաւ Աղճայեան։ Ան քաջալերեց ներկաները որ իրենց ընտանեկան ծառերը հետազօտեն եւ կարելի եղածին չափ յայտնաբերեն իրենց ընտանեկան արմատները, որոնք կու գան Արեւմտեան Հայաստանէն։
Աղճայեան աշխատանոցը եզրափակեց ներկաներուն ծանօթացնելով միջոցներու, որոնք կրնան նպաստել իրենց նախահայրերուն ծագումին մասին տեղեկութիւններ յայտնաբերելու։
«Ինծի համար այս աշխատանոցին ամէնէն հաճելի մասը այն էր, երբ ներկաներէն իւրաքանչիւրը յայտնեց թէ իր նախահայրերը ուրկէ՞ կը սեռին», ըսաւ մասնակցողներէն Նաթալի Քամաճեան, որ շրջանաւարտ է Սան Ֆրանսիսքոյի համալսարանէն։ «Այսպիսի վայրկեաններ շատ անհրաժեշտ են հայ երիտասարդներուն համար։ Որքան ծանօթանանք մեր արմատներուն, այնքան կը զօրանանք ու իրար կը մօտենանք», աւելցուց ան։
Նկատի առած թէ Երիտասարդական Ծրագիրի նախօրէին Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամներէն ոմանք, ներառեալ կուսակցութեան երկու համանախագահները, կալանքի տակ առնուած էին, Կէյ Օզբինար միացաւ դասախօսներուն արծարծելու համար Թուրքիոյ մէջ ընթացող վերջին իրադարձութիւնները։ Օզբինար տեղեկութիւններ փոխանցեց կուսակցութեան եւ որպէս անոր անդամ ԱՄՆ-ի մէջ իր ունեցած դերին մասին։ Ան նաեւ բացատրեց իր ունեցած դերը որպէս «Պոսթընպուլ» միութեան անդամ, որ կ՚ընդգրկէ Թուրքիայէն ուսանողներ, գործիչներ եւ քաղաքացիներ որոնք կ՚ապրին Պոսթընի մէջ։ Ան Թուրքիոյ մասին հակիրճ պատմական մը ներկայացուց, սկսելով Աթաթուրքի եւ արեւմտականացման օրերէն, հասնելով մինչեւ քրտական շարժման ստեղծումը եւ յեղաշրջումի փորձը։ Օզբինար բացատրեց թէ ինչպէ՞ս վերջին տարիներուն յեղաշրջում կատարելը սովորական երեւոյթ եղած է Թուրքիոյ մէջ։ Թէեւ քրտական հակամէտ կուսակցութիւնները արգիլուած եղած են անցեալին, սակայն անոնց գաղափարախօսութիւնը միշտ կենդանի մնացած է, նկատի առած որ քրտական հասարակութիւնը շարունակած է ազդեցիկ ներկայութիւն ունենալ, յատկապէս երբ վերջին տարիներուն խորհրդարանին մէջ անոնց գրաւած աթոռներուն թիւը աճ արձանագրած է։
Օզբինար բացատրեց թէ ինք ծնած ու մեծցած է Թուրքիոյ մէջ, բայց հոնկէ գաղթած է 18 տարեկանին։ Ան ըսաւ թէ երբ «Կեզի Փարք»ի ցոյցերը տեղի ունեցան, ան զգաց որ ինք պէտք է հոն ներկայ ըլլար եւ մասնակցէր ցոյցերուն։ Ան շեշտեց աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ թէ ինչպէս ինք վերակենդանացուցած է շարժումը Պոսթընի մէջ, քաջալերելով հոն գտնուող թրքական համայնքը որ նեցուկ կանգնի իր քոյր եղբայրներուն Թուրքիոյ մէջ։ Օզբինարին ըմբռնումները Թուրքիոյ ներկայ իրադարձութիւններուն մասին շատ հետաքրքրական էին ներկաներուն համար։ Ան օգնեց ուսանողներուն հասկնալու այդ իրադարձութիւններուն ետին թաքնուած իրականութիւնները եւ բոլոր այն դժուարութիւնները որոնք իշխանութեան ընդդիմադիրները կը դիմակալեն, ներառեալ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլանը, որ անդամ է այդ կուսակցութեան։
Վերջին աշխատանոցը վարեց Թալին Մարտիրոսեան, որ Լոս Անճելըսէն իրաւաբան մըն է եւ ներկայիս մագիստրոսական ուսանող է Գոլոմպիա Համալսարանի ստեղծագործական գրութիւններու բաժանմունքին մէջ։ Մարտիրոսեան, որուն ընտանիքը սեռած է Սասունէն, ներկաներուն սորվեցուց հայկական աւանդական պարեր։ Աշխատանոցի աւարտին ներկաները հսկայական շուրջպար մը բռնեցին MIT համալսարանի շրջափակին մէջ, որ կը նայի Պոսթըն քաղաքի երկնակամարին։ Երկու գլխաւոր պարերը որ սորվեցան Մշոյ Խըռ եւ Կարնոյ Քոչարի։
Աշխատանոցի բացումին ընթացքին Մարտիրոսեան բացատրեց հայկական պարի պատմականը եւ անոր մշակութային արժէքը։ Ան նշեց թէ «Մշոյ Խըռ» պարը կու գայ Տարօնի շրջանէն։ Իսկ «Կարնոյ Քոչարի»ն կը մարմնաւորէ խոյի շարժումները։ Ան ընդգծեց թէ ինչպէ՞ս այս պարերը մեծ դեր ունեցած են հայկական մշակոյթի պահպանման մէջ։ Այս պարերը կիրարկուած են տարբեր առիթներով, ինչպէս տօնակատարութիւններու ընթացքին եւ պատերազմներու ժամանակ։ Բոլոր ներկաները միասնաբար մասնակցեցան շուրջպարին։ Անոնց խանդավառութիւնը գրաւեց պատահական անցորդներու ուշադրութիւնը, որոնցմէ ոմանք նոյնիսկ միացան շուրջպարին։ «Պարէ՛ այնպէս, որ լեռները ցնցես», ըսաւ Մարտիրոսեան պարի շարժումները ուսուցանելու ընթացքին։
ՀՕՄ-ի Երիտասարդական Ծրագիրը կը շարունակէ իր նպատակին ծառայել, հայ ուսանողներուն ապահովելով իրար մօտ գալու առիթ եւ զիրար կապող յարաբերութիւն մը ստեղծել, միեւնոյն ատեն անոնց ներկայացնելով ոգեշնչող դասախօսութիւններ։
***
«Վերջերս փոխադրուեցայ Արեւելեան Շրջան։ Խորապէս կը գնահատեմ ինծի ընծայուած այս հրաշալի առիթը՝ հանդիպելու եւ ծանօթանալու նոյն մտածելակերպը ունեցող խանդավառ հայ երիտասարդներու։ ՀՕՄ-ի Երիտասարդական Ծրագիրը առիթ ընծայեց մեզի՝ Ա.Մ.Ն.-ի եւ Գանատայի հայ ուսանողներուն, որ իրար հետ կապուինք եւ ծանօթանանք այժմէական նիւթերու»:
ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ, ԳՈԼՈՄՊԻԱ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ
«ՀՕՄ-ի Երիտասարդական Ծրագիրը կը ծառայէ որպէս ուղեգիծ մեզ առաջնորդելու մեր անձնական եւ համայնքային կեանքին մէջ ու կ՚օգնէ մեզ վերայայտնաբերելու մեր հայրենիքը, ըլլայ ան ներկայի Հանրապետութիւնը, թէ պատմական հողերը։ Թէեւ Երիտասարդական Ծրագիրը միօրեայ միջոցառում մըն է, սակայն անոր խթանած մտային աշխուժութիւնը , ապահոված դրական կենսուժը եւ հաճոյքը վաղանցիկ հանդիպում մը կը վերածէ խորունկ յարաբերութեան մը, ուր անծանօթներ կը դառնան մէկ ընտանիք։ Իւրաքանչիւր աշխատանոցէ ետք թարմացած կը զգամ եւ անհամբեր կը սպասեմ պատեհ առիթին որ օգտագործեմ հոն սորվածներս»։
ԼԻԼԻԹ ԹՈՐՈՍԵԱՆ, ՊՈՍԹԸՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ
«Վերջին տարիներուն, մասնակցելով Երիտասարդական Ծրագիրին, ականատես եղած եմ թէ ինչպէս ան զարգացած է Պենթլիի մէջ տասը աշակերտներով սկսած մէկ շաբթուայ ծրագիրը, վերածուելով Նիւ Եորք համալսարանին մէջ կայացած հարիւր ուսանողներով շաբաթավերջեայ ծրագիրի մը։ Երբ առիթը ընծայուեցաւ որ Երիտասարդական Ծրագիրի երկրորդ փուլը կայանայ հոս՝ Պոսթընի մէջ, Դոկտ. Մուրատեանը եւ ՀՕՄ-ի պատասխանատուները դիմեցին ինծի, որպէսզի հիւրընկալենք զայն MIT-ի մէջ։ Շատ ուրախ ենք տեսնելով տարբեր շրջաններէ մեծ թիւով ուսանողներու ներկայութիւնը եւ անոնց աշխոյժ մասնակցութիւնը Դոկտ. Մուրատեանի կազմակերպած դասախօսութիւններուն եւ աշխատանոցներուն։ Կը յուսանք որ այս ծրագիրը տարեկան յաջորդականութիւն ունենայ, որպէսզի հայ ուսանողներուն եւ երիտասարդ մասնագէտներուն յարատեւ առիթ ընծայուի իրար հետ հաղորդակցելու եւ իրենց մասնագիտութիւնը զարգացնելու»։
ՎԱԶՐԻԿ ՉՈԼՈՅԵԱՆ, PHD-Ի ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԵՒ MIT-Ի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ