Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանը Կը Տօնէ Հայ Մշակոյթի Ամիսը

Հայ մշակոյթին նուիրուած Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 21ին. անոր ընթացքին նշուեցաւ նաեւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեանց 25ամեակները։

Աշակերտները իրենց արտասանութիւններով, երգերով, պարերով ու այլ ներկայացումներով ճոխացուցին մթնոլորտը։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր վարժարանի Հայկական բաժանմունքին եւ ծնողաուսուցչական մարմինին միացեալ ջանքերով։

Ներկաները նաեւ վայելեցին աշակերտներուն արուեստի գործերը եւ առիթ ունեցան լուսանկարուելու հայկական աւանդական տարազներով, ապա ճաշակեցին հայկական աւանդական ուտեստեղէն։ Տեղի ունեցաւ նաեւ վարժարանի աշակերտներուն Հայաստան կատարած այցելութեան լուսանկարներու ցուցադրութիւն։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up