«Հայաստան» Հիմնադրամի Ազգային Նուիրատուութեան Հեռուստամարաթոնը Կը Մեկնարկէ Նոյեմբեր 24-ին
Նոյեմբեր 24-ին, պիտի մեկնարկէ «Հայաստան» Հիմնադրամի 19-րդ հեռուստամարաթոնը, որ պիտի իրականացուի «Իմ Արցախը» խորագիրին ներքոյ: Համազգային դրամահաւաքի հանգանակութիւնները պիտի նպատակաուղղուին Արցախի տուժած բնակավայրերու վերականգնման, խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ու պաշտպանութեան ուղղուած քայլերուն, ինչպէս նաեւ Արցախի բազմազաւակ ընտանիքներուն համար առանձնատուներու կառուցման: Պիտի շարունակուին նաեւ նպատակային յատկացումներով ծրագիրները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Հեռուստամարաթոնը պիտի մեկնարկէ Երեւանի ժամանակով 22:00-ին եւ 12-ժամեայ ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակուի Հայաստանի Հանրային, Արմէնիա, Շանթ եւ Երկիր Մետիա հեռուստաալիքներով, ինչպէս նաեւ առցանց` www.himnadram.org:
Ամէնամեայ hեռուստամարաթոնի եթերով՝ Հիմնադրամը կ’ամփոփէ տարուան ընթացքին իրագործուած եւ ընթացիկ ծրագիրները, կը յայտարարէ տեղական մարմիններուն հաւաքագրած գումարները:
Նուիրատուութիւն կրնաք կատարել`
– SMS ուղարկելով 8000 կարճ համարին կամ զանգահարելով 090008000 /sms/զանգի արժէքն է 300 դրամ/,
-այցելելով Հայփոստի որեւէ բաժանմունք,
-այցելելով Հիմնադրամի գործադիր վարչութիւն,
– Ձեր դրամատունէն փոխանցում կատարելով Հիմնադրամի` ՀՀ Կեդրոնական դրամատան հաշուեհամարին 103003215672 /ՀՀ դրամ/, 103003615673 /ԱՄՆ տոլար/,
– առցանց` donate.himnadram.org
Հեռուստամարաթոն 2016-ի գլխաւոր հովանաւոր – Հայբիզնեսբանկ
գործընկեր – Հայփոստ