«Մանկական Եւրոտեսիլ»-ին Երկրորդ Տեղը Գրաւած Հայ Մասնակիցները Ժամանած Են Հայաստան

«Մանկական եւրոտեսիլ»-ի հայաստանեան ներկայացուցիչներ Մերի Վարդանեանն ու Անահիտ Ադամեանը այս գիշեր վերադարձած են Հայաստան: Զուարթնոց միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցած է փոքրիկ երգչուհիներու դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան «Մանկական եւրոտեսիլ 2016» երգի միջազգային մրցոյթին գրաւած է երկրորդ հորիզոնականը: Մրցոյթին այս տարի Հայաստան, ընդհանուր առմամբ, արժանացած է 232 միաւորի եւ ընդամէնը 7 միաւորով զիջած է առաջին տեղը գրաւած Վրաստանի ներկայացուցիչ Մարիամ Մամատաշուիլիին: 209 միաւորով երրորդ տեղը գրաւած էր Իտալիոյ ներկայացուցիչը: