Լաս Վեկասի Հայ Համայնքի Տարեկան 4րդ Տոլմայի Փառատօնը

Կիրակի, Նոյեմբեր 11ին, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին եւ տիկնանց օժանդակ մարմինի համատեղ ջանքերով, տեղի ունեցաւ Լաս Վեկասի հայ համայնքի տարեկան 4րդ տոլմայի (սարմա) փառատօնը։
Յաւարտ Ս. պատարագին սկսած փառատօնի բացման խօսքը արտասանեց հանդիսավար Յակոբ Հաւանճեան, ողջունելով ներկայութիւնը Հայաստանի Համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարիչ Սարգիս Քոթանճեանին եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի թեկնածու Տենի Թարխանեանի։
Աւելի քան 200 հայորդիներ հաւաքուած էին եկեղեցւոյ շրջափակը՝ վայելելով Լաս Վեկասի Հայկական պարի վարժարանի աշակերտներուն ելոյթները, առաջնորդութեամբ՝ պարուսոյց Գոհար Մարգարեանի։ Ապա ներկաները «Քուճաքեան» սրահ անցնելով՝ վայելեցին կանանց երեք տարբեր խմբակներու կողմէ պատրաստուած տոլմաները։ Այս տարուան դատակազմի անդամներն էին՝ Մելինէ Թէրզեան, Իսկուհի Նշանեան եւ Հերմինէ Եղիայեան։
Քոթանճեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Գոհաբանութեան Օրը՝ Նոյեմբեր 24ին, պատկերասփիւռային դրամահաւաքին զուգահեռ՝ Լաս Վեկասի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, կ.ա. ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 3 կայանալիք փառատօն-դրամահաւաքին մասին, որուն պիտի մասնակցի սիրուած երգիչ Տիգրան Ասատրեան։
Ապա, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդը ծաղկեփունջով մը շնորհակալութիւն յայտնեց պարուսոյց Գոհար Մարգարեանին՝ դրուատելով անոր սաներուն կատարումները, ապա եկեղեցւոյ քարտուղարին ձեռամբ նուէրներ յանձնուեցան Ռաֆֆի Տեմիրճեանին եւ Հրանդ Հեւոյեանին։
Աւարտին, դատակազմը Սիլվա Ասատուրեանի խումբին շնորհեց «Ամենահամեղ տոլման» մրցանակը, իսկ «Ամենաբարեձեւ տոլման» ու «Ամէնէն աւանդական տոլման» մրցանակները յանձնուեցան Սիլվա Վարդանէսեանի եւ Շողիկ Տոխուզեանի խումբերուն։
Ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորն էր «Սթեֆանոզ» ճաշարանը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: