Ամփոփուեցան ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան` Նոյեմբեր 14-19 Կատարած Աշխատանքները. Շաբթուան Գլխաւոր Թեմա Ընտրուեցաւ` «Դուն Ի՞նչ Կ’ընես Ղարաբաղի Համար»
Նոյեմբեր 21-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի, «Իմ Հայաստան» փառատօնի, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի եւ կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Նախարարը կարեւոր համարեց տարուան ընթացքին իրականացուած աշխատանքներու ամփոփումը եւ հաշուետուութիւններու ժամանակին ու պատշաճ ներկայացումը, ատոնց հանրային իրազեկումը:
Յառաջիկայ շաբթուան գլխաւոր թեմա ընտրուեցաւ «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը եւ կարեւոր համարուեցաւ ատոր պատշաճ լուսաբանումը:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին շաբթուան ընթացքին կատարուած ընթացիկ աշխատանքները եւ իրականացուած ձեռնարկները, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները:
Գերատեսչութեան ղեկավարը յանձնարարեց առաւել հետեւողականօրէն կազմակերպել եւ տարածել «Դուն ի՞նչ կ’ընես Ղարաբաղի համար» շարժումը, լայնօրէն լուսաբանել ատոր ծիրէն ներս Սփիւռքի համայնքներուն մէջ իրականացուող ձեռնարկներն ու նախարարութեան իրականացուցած աշխատանքները, շաբթուան վերջը ամփոփել եւ ներկայացնել ՀՀ կառավարութեան Տեղեկատուական, վերլուծական կեդրոնին:
Նախարարը առանձնակի կարեւոր նկատեց գերակայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները հետեւողականօրէն իրականացնելը:
Տրուեցան նոր յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներ ու համակարգողներ: