Գրիգոր Պըլտեանի «կրկնագիր Մարդը» հատորին նուիրուած երեկոյթը

Երկուշաբթի Նոյեմբեր 14-ի երեկոյեան, Փարիզի Հայ Մշակոյթի Տան մէջ, Համազգային-Փարիզ կազմակերպած էր Գրիգոր Պըլտեանի «Կրկնագիր մարդը» գիրքի ներկայացման նուիրուած երեկոյթ մը:

Սրահը լեցուցած գրասէր եւ մտաւորական ընտրանիի մը առջեւ բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղէն Արփի Շահապեան: Ան ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ Նորվան արք. Զաքարեանը, որ բարձր կը գնահատէ Պըլտեանի գրականութիւնը եւ հրատարակած է վերլուծական երկու ուսումնասիրութիւն՝ նուիրուած անոր գործերուն:

Ապա խօսք առաւ Նորվան արք., որ նախ խօսեցաւ «կրնկագիր»-ի իմաստին եւ գիրքին մէջ անոր ցոլացման մասին, ըսելով՝ “Նոյնացումի, ինքնանալու-ինքնացնելու ճիգը պիտի կրկնուի ամբողջ գրքի երկայնքին եւ փորձարկուն յուսախաբ՝ իր հրայրքով կատարած տքնաջան աշխատանքէն, պիտի տեսնէ արդիւնքին ի դերեւ գալը, քանի որ անկարելի կը դառնայ նուաճումը աննուաճելիին։ Աննուաճելի՞ն… Սա ձեր դիմաց նստող մարդն է։ Այս փորձառութիւնը կը հաւաստէ ո՛չ թէ փորձարկողին ճիգի անկարողութիւնը, այլ նոյնացումի ըստ ինքեան անկարելիութիւնը. «սկզբնական անվաւերութիւն»։ Միւս կողմէ այդ ճիգը պիտի լուսաւորէ հարազատութեան արժէքը։ Լեզուին վերադարձով”։

Յարգելի բանախօսը այս մասին իր խօսքը եզրափակեց ըսելով՝ “Միանալ, նմանիլ, նոյնանալ կամ ինքնանալ։ Այս երրեակը, գրողի աչքին, նշաններն են, կնիքը կարելիութիւններու եւ անկարելիութիւններու, որով ի յայտ պիտի գայ օտարութեան իսկութիւնը։ Անշուշտ այս երրեակին կը հետեւի ուրիշ երրեակ մը. ըլլալ, ճանչնալ, կամենալ”։
Սրբազան հայրը խօսելով Պըլտեանի գործին՝ Մաշտոցին հազիւ թէ թաքուն շաղկապումին մասին ալ, ըսաւ. “յանգման կէտը Մաշտոցն է, շատ, շատ հեռուներէն պատրաստուած։ «Շրջում»-ին («ՆՅ» – Պըլտեանի նախորդ գործը) մէջ Մաշտոց յիշատակուած էր, Սողոմոնի մէկ նախադասութեամբ. «Ճանաչել զիմասութիւն եւ զխրատ…»։ Մաշտոց գիր ու լեզու ստեղծող։ Բազմաթիւ էջեր, հատուածներ յատկացուած են Կորիւն Սքանչելիի «Վարք Մաշտոց»-ին. մեքսիքացի ազգագրագէտի հետ գրաբարէն ֆրանսերէնի, անգլերէնի, սպաներէնի խառնակ թարգմանութեան նիստերը, Թանգարանի մէկ աշխատասենեակին մէջ, Էյֆէլեան աշտարակին դիմացը, կը պատրաստեն Մաշտոցի կերպարին մուտքը։ Գիրքին ԻԲ. գլուխը մեզ կը փոխադրէ երեւակայական հինգերորդ դար մը։ Սակայն անկէ առաջ անհրաժեշտ է արձանագրել լեզուին տեղը եւ այդ տեղին վրայ եղած մտաւոր աշխատանքը։ Կարդալով «Կրկնագիր մարդը», Գր. Պըլտեանի գրականութեան ամբողջութիւնը կը պայծառանայ եւ վերջապէս ընթերցողը այդ գրականութենէն կը քաղէ հետեւեալ հանգանակը.- խօսքը կ՚առարկայանայ լեզուով, ուրեմն լեզուն առարկայացումն է խօսքին, ձայնը նշանն է լեզուի կենդանութեան, իսկ գիրը նիւթականացումը, թանձրացեալ գոյացութիւնը խօսք լեզուին։ Գր. Պըլտեանի արձակին առաջին վեց հատորները, որոնք կ՚ամփոփեն մեր ժողովուրդի որոշ մէկ հատուածին կեանքը, իր շրջապատով, մշակոյթով եւ ժամանակաշրջանով ազատած են կորուստէ, եւ անհետացումէ։ Ահա գիրին եւ վաւերական, հարազատ գրականութեան կախարդանքը։

«Կրկնագիր մարդը»-ին կենսագրող-պատմողը անդադար կը վերսկսի աշխատանքը։ Կռիւ մը լեզուին հետ։ «Սկսիլ զերոյէն», կ՚ըսէ. այս դարձուածքն ալ հեղինակի գրականութեան յատկանիշերէն մէկն է։ Իր գրականութիւնը բանելով նմանաբանութեան օրէնքով, բայց ինչպէս ըսինք՝ նմանները չեն նոյնանար, իր հատորներն ալ չեն նոյնանար։ Մանաւանդ երբ անոնք կը փակեն ժամանակաշրջան մը։ «Շրջումը» եւ «Կրկնագիր մարդը», կը բանան նոր ժամանակաշրջան։ Ասոր համար «սկսիլ զերոյէն»ը կ՚առնէ մասնաւոր իմաստ եւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս այս հատորներուն մէջ լեզուն կը փոխուի բոլորովին, մեզի յիշեցնելով իրմէ այլ դարձուածք մը «լեզուն կրկին յօրինելի» («Մանտրաներ», հատոր Ա).։ Պատմողը Յովակիմի կերպարին համար կը ճգնի կերպեր գտնել, հեղինակը կ՚ընէ մօտաւորապէս նոյնը։ Գր. Պըլտեան նախանձելի հնարամտութիւն մը ունի գրական իր լեզուն մշակելու, իսկ մշակել լեզուն չի նշանակեր անպայման յղկել քերականութիւնը կամ գեղեցկութիւն տաշել։ Գիտէ երբ պահել անտաշ, կոշտ լեզուն իր տիպարներուն, այս հնարքը իր մօտ գրական լեզուի մշակման մաս կը կազմէ”։

Քանի որ վերը անդրադարձ եղաւ Օշականին, ընդգծելու համար Նորվան արք.ի բարձր համարումը Գր. Պըլտեանի գործին նկատմամբ՝ յիշենք նաեւ անոր հետեւեալ խօսքերը՝ “Պըլտեան առաւելութիւն մը ունի Յ. Օշականէն։ Իր գործերը կը կրեն նաեւ նոր ժամանակներուն եւ նոր շրջապատի մէջ ժողովուրդին յօրինած լեզուն”։

Ապա ներկայացուց գիրքին տիպարները: Հեղինակը կը պատմէ կորսուած աշխարհի եւ նոր միջավայրի ապրումները, թէ ի՞նչպէս անցեալն ու ներկան կը խառնուին ստեղծելով նոր հարցադրումներ:

Բանախօսը մեկնաբանեց պատումին թաքուն ծալքերը որոնք մեր առջեւ կը դնեն հիմնական հարցեր օտարութեան եւ ինքնութեան մասին, ապա նաեւ՝ լեզուի գոյութենական խնդրին մասին, որ գրողը կը տանի մինչեւ գիրերու գիւտը:

“Առաջին վեց հատորներուն մէջ, տիպարները կը խօսին երկրէն բերած լեզուներով, բարբառներով եւ լիբանանեան շրջապատի մէջ յօրինուած լեզուով։ «Շրջում»-ը եւ «Կրկնագիր մարդը» լեզուական ուրիշ ոլորտ մը կը ստեղծեն, երկուքն ալ ժամանակակից օտար լեզուներու հետ կապ կը հաստատեն։ Մեր իրականութիւնը այդպէս չէ՞ ինքնին։ Մեր լեզուն կը գտնուի միւսներուն դիմաց։ Շատ անգամ նահանջողի դիրքին մէջ է։ Այսպէս՝ վէպերը ցոյց կու տան լեզուին այսօրուան ողբերգական վիճակը, եւ լեզուական շրջուած այս իրականութիւնը խռովիչ պատկեր մը կը պարզէ որ կ՚անհանգստացնէ աքսորի գրականութեան գիտակից մշակը, գրողը՝ որ պիտի մտահոգուի շրջելու շրջուած այս իրականութիւնը։ Կարծէք կը սկսի զերոյէն։ Կը վերադառնայ հայ դպրութեան ծագումին, հաշուի նստելու մեծ վարդապետին հետ, լեզուի եւ մշակոյթի չքացման, կորուստին դէմ փրկութեան ճանապարհներ որոնելով”, դիտել տուաւ յարգելի բանախօսը։

Իր խօսքը աւելի յստակ դարձնելու համար Նորվան արք. կարդաց գիրքէն քանի մը հատուածներ, մեզ փոխադրելով հեղինակին հոգեմը-տաւոր աշխարհը, վեր առնելով անոր տպաւորիչ ոճը:

Նորվան Արք. եզրակացուց՝ “Գր. Պըլտեան ինչ որ ստեղծեց այս գործով եւ կը փոխանցէ գալիք սերունդին հոյակապ պատկերագործութիւն մըն է, կոթողային որմնանկար մը, նուաճում մը՝ որ աքսորի գրականութիւնը մինչեւ օրս երբեք չէր արձանագրած”։

Ապա խօսքը տրուեցաւ ներկաներուն, որոնք մեծ խանդավառութեամբ արտայայտեցին իրենց տպաւորութիւնները եւ զրուցեցին Գրիգոր Պըլտեանի հետ։

Թ. Շ.

«Նոր Յառաջ» երկօրեա

Scroll Up