Ձեռնարկներ Գերմանիոյ Հայոց Թեմին Մէջ
Հոկտեմբեր 28-30ի շաբաթավերջին, Վայլպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական երիտասարդական հոգեւոր ճամբար մը, որ կազմակերպուած էր առաջնորդարանին եւ հայ երիտասարդական HayFM e. V. միութեան կողմէ: Կը մասնակցէին 25 անձեր:
Մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան քննարկելու եկեղեցական-կրօնական զանազան նիւթեր, ինչպէս օրինակ՝ քրիստոնէական մեր հաւատքը, հաւատքի ակունքները, Սուրբ Երրորդութիւն, Ս. Մկրտութիւն, Ս. պատարագ եւ հաղորդութիւն, Հայ եկեղեցւոյ տօները եւ այլն:
Հաճելի էր տեսնել, որ երիտասարդները իրենց հարցումներով ու նկատառումներով աշխոյժ կերպով կը մասնակցէին նիւթերու քննարկման:
Իսկ Հոկտեմբեր 29ին, Նիւրնպերկի մէջ մեծ շուքով տօնախմբուեցան ՀՀ անկախութեան 25րդ, Նիւրնպերկի հայ համայնքի 35րդ, ինչպես նաեւ Հայ բժշկական միութեան 25րդ տարեդարձները: Երեկոյթը կազմակերպուած էր Գերմանիոյ խորհրդարանի երեսփոխանուհի Կապ-րիէլա Հայնրիխի հովանաւորութեամբ եւ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ դեսպան Աշոտ Սմբատեանի բարձր ներկայութեամբ:
Բացման խօսքը արտասանեց Նիւրնպերկի հայ համայնքի եւ Հայ բժշկական միութեան ատենապետուհի տոքթ. Մարգարիտ Ասոյեան-Լինք: Ապա, համայնքի հոգեւոր հովիւ Այգիկ քհնյ. Յովհաննիսեան Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեանի անունով ներկաները ողջունեց եւ երեկոյթի բացումը կատարեց Տէրունական աղօթքով:
Հանդիսութեան առաջին բաժինին մէջ եւրոպական եւ հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւններով հանդէս եկան Նիւրնպերկի քաղաքային օփերայի մեներգիչներ Հրաչուհի Բասենց, Գոռ Յարութիւնեան եւ Սուրէն Մանուկեան՝ նուագակցութեամբ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Թաթիանա Շափիրոյի: Անակնկալ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ պատանի դաշնակահար Յարութիւն Յարութիւնեան:
Երեկոյթին ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Գերմանիոյ խորհրդարանի երեսփոխանուհի Կապրիէլա Հայնրիխ եւ Գերմանիոյ ՀՀ մօտ դեսպան Աշոտ Սմբատեան:
Դեսպանը իր խօսքի աւարտին ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալով պարգեւատրեց Հրաչուհի Բասենցը, Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթը պատշաճ եւ յաջող կերպով ներկայացնելուն համար: Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ խրախճանքով:
ԴԻՒԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Քէօլն, 4 Նոյեմբեր