Հանդիպում Փրոֆ. Եուրի Սարգսեանի Հետ

Օգտուելով Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի նախկին նախագահ փրոֆ. Եուրի Սարգսեանի Միացեալ Նահանգներ կարճատեւ այցելութենէն, համալսարանի շրջանաւարտից միութիւնը, ինչպէս նաեւ «Արփա» հիմնարկն ու Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը հանդիպում մը կազմակերպած են, առիթ ընծայելու համար Լոս Անճելըսի շրջանի ճարտարագէտներուն, գիտնականներուն եւ ուսուցիչներուն, որ հանդիպին հայրենի գիտնականին հետ։

Փրոֆ. Եուրի Սարգսեան պիտի ներկայացնէ 2016-2020 տարիներու Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի ծրագիրները եւ այդ գծով սփիւռքահայ մասնագէտներուն առաջարկները պիտի ունկնդրէ։

Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 26ին, կ.ե. ժամը 1ին, Կլենտէլի «Անուշ» ճաշարանին մէջ ( 401 W. Colorado St.)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել՝ (626) 524-5707 կամ (818) 521-2967 թիւերուն, իսկ տեղեր ապահովելու համար՝ contact@AESA.org հասցէին։

Scroll Up