Նախաթելեթոնեան Ուղերձ

Քանի մը օրէն պիտի մեկնարկէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աւանդական հեռուստամարաթոնը, եւ Հիմնադրամի գործադիր վարչութիւնը իր գրասենեակներով արդէն կը նախապատրաստուի այդ ձեռնարկին:

Որոշ համայնքներու մէջ ալ արդէն իրականացած են կամ կ՝իրականացուին դրամահաւաքներ: Այս շրջանին, իբրեւ կանոն, կ՝աշխոյժանայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի վերաբերեալ դիրքորոշում եւ վերաբերմունք արտայայտող լրագրողներու, լրատուամիջոցներու եւ շարքային քաղաքացիներու թիւը, որ նոյնպէս կարեւոր է մեզի համար, քանզի հնարաւորութիւն կու տայ կողքէն նայելու մեր գործունէութեան եւ, անհրաժեշտ պարագային, բարելաւել զայն:

Առաւել, ի հարկէ, կը շրջանառուի Հիմնադրամի նկատմամբ վստահութեան հարցը, որ եւս հասկնալի է, քանի որ «Հայաստան» հիմնադրամը եղած է եւ կը մնայ թիւ մէկ բարեգործական կազմակերպութիւնը, որ ազդեցիկ է թէ՛ իր աշխարհագրութեամբ եւ թէ՛ իրականացուցած ծրագիրներուն ծաւալով: Անհրաժեշտ չեմ համարեր թուարկել այն բոլոր ծրագիրները, որ Հիմնադրամը ձեր հետ միասին իրականացուցած է այս 25 տարիներուն ընթացքին` իրապէս փոխելով շատ համայնքներու դիմագիծն ու այնտեղ ապրող մարդոց կեանքը: Այդ ծրագիրներուն ընթացքին, մեկնարկէն մինչեւ բացում, հանրութիւնը կրնայ հետեւիլ Հիմնադրամի կայքին եւ դիմատետրի էջին, ինչպէս նաեւ մեր հաշուետւութիւններուն միջոցով, որոնք կը ներկայացուին հնարաւոր բոլոր ձեւերով, ներառեալ` հաղորդագրութիւն, տեսանիւթ, լուսանկար, ակնարկ, հաշուետու այց, ֆիզիքական եւ նիւթական հաշուեքննութիւններու եզրակացութիւններ:

Կ՝ուզեմ մէկ անգամ եւս յայտարարել, որ վստահութիւն Հիմնադրամին նկատմամբ եղած է եւ կայ, եւ անոր ապացոյցը այն շուրջ 25 տարուան մեծ ու փոքր ծրագիրներն են, որ իւրաքանչիւր տարի միասնական ջանքերով կ՝իրականացնենք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Վստահութեան եւ նուիրատուներու աճող թիւին մասին կը վկայէ նաեւ օրեր առաջ Թորոնթոյի մեր հայրենակիցներուն դրամահաւաքը, որուն իբրեւ արդիւնք հանգանակուած է այդ համայնքին համար ցուցանիշ համարուող թիւ` մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար: Սփիւռքահայ մեր հայրենակիցներուն հանդէպ երախտագիտութեամբ հանդերձ, կը կարծեմ մենք նախ եւ առաջ պահանջկոտ պէտք է ըլլանք մեր նկատմամբ:

Կը մաղթեմ մեզի յաջող դրամահաւաք, եւ թող բարի կամքի տէր մարդիկ համալրեն մեր շարքերը:

Արա Վարդանեան

Scroll Up