ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒԻ ՏՐՈՒԱԾ ՄՐՑԱՆԱԿԸ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/11/0000AJEMOGLU.jpg)
Թուրքիոյ Հանրապետութեան տօնին առիթով, Մշակոյթի եւ արուեստի նախագահական մրցանակին արժանի նկատուած է նաեւ ծանօթ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու:
Սակայն, ըստ «Թարաֆ»ի մէջ հրատարակուած թղթակցութեան մը, անոր տրուած այս մրցանակը դժգոհութիւն յառաջացուցած է իշխանութեան գլուխ գտնուող Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան շրջանակներուն մէջ, որովհետեւ Տարօն Աճէմօղլու, Թուրքիոյ մասին գրուած վերլուծական յօդուածի մը մէջ՝ Թաքսիմի «Կէզի» հանրապարտէզի ցոյցերը նկատած էր «խաղաղասէր բողոք»: Իսկ իշխանութեան կուսակցութիւնը կը պնդէ, թէ «Կէզի»ի ցոյցերուն նպատակն էր կառավարութիւնը տապալել:
«Նոր Յառաջ»