ԱԳ Նախարարը մասնակցեցաւ Ֆրանքոֆոնիայի Միջազգային Կազմակերպութեան Նախարարական Համաժողովին
Նոյեմբեր 7-ին նախարար Էդուարդ Նալպանտեան մասնակցեցաւ ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան Փարիզի մէջ մեկնարկած 29-րդ նախարարական համաժողովին, որուն ներկայ էին կազմակերպութեան 77 անդամ, ընկերակից եւ դիտորդ երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւնները: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն:
Նախարարական համաժողովի օրակարգին էին 2012թ. հոկտեմբերին կայացածՔինշասայի գագաթնաժողովին ընդունած որոշումներու իրականացման ընթացքը, յաջորդ տարի Տակարի մէջ կայանալիք գագաթնաժողովի նախապատրաստական
աշխատանքները: Նախարարական հանդիպման ելոյթով հանդէս եկաւ Հայաստանի ԱԳ նախարարը, որ կարեւոր համարեց Ֆրանքոֆոնիայի ծիրէն ներս համագործակցութիւնը եւ կազմակերպութեան աճող դերը միջազգային բեմահարթակին վրայ:
Խօսելով Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի ներգրաւուածութեան մասին` Էդուարդ Նալպանտեան ըսաւ. «Արդեն մէկ տարի է, ինչ Հայաստանը դարձել է ՖՄԿ լիիրաւ անդամ: Մենք ուրախ ենք մաս կազմել ֆրանքոֆոն համայնքին, որը համագործակցութեան կարեւոր միջազգային հարթակ է հանդիսանում` բազմամշակութային երկխօսութեան միջոցով ժողովուրդների եւ
երկրների միջեւ համերաշխութեան ամրապնդման համար, նաեւ հնարաւորութիւն ընձեռում առաւել միասնական գործել միջազգային բեմահարթակում:
Մեր ներգրաւուածութիւնը ընթանում է խորհրդարանական, համալսարանական, ապակենտրոնացուած, կրթութեան, մշակոյթի, սպորտի եւ մի շարք այլ կարեւոր ուղղութիւններով: Հէնց այս համատեքստում Երեւանը հիւրընկալեց ֆրանքոֆոն քաղաքապետերի միջազգային ասոցիացիայի համաժողովը, մէկ շաբաթ առաջ Հայաստանում տեղի ունեցաւ Ֆրանքոֆոն համալսարանների Սենգորի անուան
ամբիոնների միջազգային ցանցի ամէնամեայ հանդիպումը, արդէն մի քանի տարի շարունակ Ֆրանքոֆոնիայի ամսուայ շրջանակներում ամէնից շատ միջոցառումները կազմակերպւում են հէնց Հայաստանում»:
Անդրադառնալով տարբեր աշխարհամասերու մէջ կայունութեան ապահովման ուղղուած ՖՄԿ կողմէ գործադրուող ջանքերուն` նախարար Նալպանտեան կարեւոր նկատեց, որ անցեալ տարի Քինշասայի մէջ կայացած Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովին կազմակերպութեան անդամ երկիրները իրենց լիակատար աջակցութիւնը յայտնեցին ղարաբաղեան հակամարտութեան հանգուցալուծման նպատակով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու կողմէ գործադրուող ջանքերուն` յորդորելով շարունակել բանակցութիւնները Մինսկի խումբի համանախագահներու միասնական եւ անբաժան հենք հանդիսացող
առաջարկութիւններու, մասնաւորապէս ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան ու ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու հիման վրայ` կոչ ընելով հակամարտութեան բոլոր կողմերուն զերծ մնալ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառումէն, ինչ որ կրնայ վտանգել կարգաւորման խաղաղ գործընթացքը:
Եզրափակելով խօսքը` նախարար Նալպանտեան վստահեցուց, որ Հայաստանը ֆրանքոֆոնիայի անդամ երկիրներու հետ միասին պիտի շարունակէ աշխուժ ջանքեր գործադրել միջազգային բեմահարթակին վրայ կազմակերպութեան դերը առաւել ամրապնդելու, անոր նպատակները առաջ մղելու ուղղութեամբ: