Դոկտ. Թաներ Աքչամ Պիտի Բանախօսէ Նայիմ Պէյի Յուշերուն Մասին

Կազմակերպութեամբ «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին, Հայ իրաւաբանական միութեան, Պոլսահայ միութեան եւ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութիւններու ազգային միութեան, Կիրակի, Նոյեմբեր 20-ին, կ.ե. ժամը 4-ին տեղի պիտի ունենայ դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին դոկտ. Թաներ Աքչամ պիտի խօսի Թալէաթ փաշայի հեռագիրներուն առնչուող Նայիմ պէյի յուշերուն մասին։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։

«Նայիմ պէյի յուշերն ու Թալէաթ փաշայի հեռագիրները. Արդեօք անոնք «հայկական կեղծիքնե՞ր» էին» նիւթով ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանի «Շին» մատրան մէջ (15105 Mission Hills Road, Mission Hills, CA 91345)։  Մուտքը ազատ է։

1920-21 թուականներուն, Արամ Անտոնեան հրատարակած էր գիրք մը, որ անգլերէնով ճանչցուած է իբրեւ «Նայիմ Պէյի Յուշերը», իսկ հայերէնով՝ «Մեծ Ոճիրը»: Անիկա կը պարունակէ գրուածքներ օսմանցի այս պաշտօնեայէն եւ հեռագիրներ՝ Թալէաթ փաշայէն, ներառեալ՝ հայերը սպաննելու հրահանգներ:

1983-ին, թուրք հեղինակներ հրատարակեցին գիրք մը՝ պնդելով, որ այդ նշեալ յուշերն ու հեռագիրները կեղծիքներ էին: Հակառակ անոր որ փրոֆ. Վահագն Տատրեան 1986ին հրապարակած է ծաւալուն պատասխան մը այս թուրք հեղինակներու պնդումներուն դէմ, գիտական աշխարհը ընդհանրապէս դադրեցաւ օգտագործելէն յուշերն ու հեռագիրները՝ իբրեւ վստահելի աղբիւրներ:

Ձեռնարկին մասին յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, դիմել (747) 500-7585 եւ (617) 489-1610 թիւերուն, կամ Ararat-eskijian-museum@netzero.net եւ hq@naasr.org հասցէներուն։

Scroll Up