Մշակոյթի Ամսուան Ձեռնարկաներ Սահակ-Մեսրոպ Վարժարանէն Ներս
Մշակոյթի ամիսը՝ Հոկտեմբերը, ակներեւ էր Սահակ-Մեսրոպ վարժարանէն ներս։
Դպրոցիս բակի ցուցատախտակին վրայ դրուած էին հայերէն բանաստեղծութիւններ եւ մանրանկարներ։ Յիշուած էր առաջին հայերէնի ուսուցիչը, այբուբենը հնարողը՝ Մեսրոպ Մաշտոցը։
Դասարաններուն մէջ կային ձեռային աշխատանքներ եւ գրութիւններ։ Կը խօսուէր հայկական մշակոյթի զանազան երեսներուն մասին, ինչպէս՝ նկարչութիւն, երաժշտութիւն, պար, տարազ եւ ճաշատեսակ։
Այս առթիւ, Հոկտեմբեր 21ի յետմիջօրէին, մանկապարտէզէն մինչեւ միջնակարգի աշակերտները առիթը ունեցան վայելելու երաժշտագէտ Արիկ Գէորգեանի հայկական նուագարանները։ Ան մէկ ժամուան ընթացքին ցուցադրեց եւ բացատրութիւններ տուաւ հայկական երաժշտական գործիքները, նոյն ժամանակ մասնակից դարձնելով աշակերտները, ոգեւորելով զանոնք հարց-պատասխաններով եւ համատեղ երգեցողութեամբ։
Այս ծրագիրը գոհացուց մեր աշակերտները, որոնք մօտէն ծանօթացան հայկական տուտուկին, շուիին, քամանչային եւ սազին։
Մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Արիկ Գէորգեանին տրամադրած ժամանակին եւ հաճելի կերպով տրուած բացատրութիւններուն համար։
Յաջորդ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 25ին։ Ծնողներ եւ հիւրեր կը փութային դպրոց՝ ներկայ ըլլալու օրուան միջոցառումներուն։
Առաւօտուն, մանկամսուրի փոքրիկները դպրոցիս սրահին մէջ, իրենց մանկական շրթներով երգեցին եւ արտասանեցին եւ փառք տուին, որ հայերս ունինք մեր սեփական հայերէն գիրերը։ Իսկ կէսօրէն ետք, դարձեալ դպրոցիս սրահին մէջ հաւաքուած էին մանկապարտէզէն միջնակարգի աշակերտները, որոնք առաջին առիթով միասնաբար երգեցին հայկական քայլերգը։
Ապա, ուսուցչուհ Սօնա Պատալեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքերով։ Ան յիշեց Թարգմանչաց տօնին կարեւորութիւնը Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին մէջ եւ վարեց օրուան յայտագիրը։
Զ. Դասարանի աշակերտները՝ Ք. Սահակեան եւ Ա. Խաչիկեան, կատարեցին բացման խօսքը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիրը։
Ա. դասարանէն մինչեւ Ե. դասարանի աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին խմբային արտասանութիւններով եւ խմբ-երգներով, կեդրոնական նիւթ ունենալով մայրենի լեզուն եւ Հայաստանը։
2րդ դասարանի փոքրիկ դերասանները կատարեցին հաճելի ներկայացում մը։ Իսկ 6րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին հայերէնով հակիրճ տրամախօսութիւն մը։
Բոլոր աշակերտները իրենց բաժինները կատարեցին մեծ աշխուժութեամբ, ինքնավստահութեամբ եւ հպարտութեամբ՝ դիւթելով ներկաները, որոնք խորասուզուած մտիկ կ՛ընէին եւ անհուն վայելքի պահեր կ՛ապրէին, ականատես եւ ականջալուր ըլլալով հայ դպրոցին կատարած դերին եւ առաքելութեան։
Հաճելի էր նաեւ ունկնդրել մեր հիւրը՝ բանաստեղծ Կայլակը, որ իր բանաստեղծութիւններէն մէկը արտասանեց մեծ ապրումով եւ հարազատ զգացումով։
Մշակոյթի օրուան յայտագիրը հասաւ իր աւարտին Սօնա Պատալեանի եզրաբակիչ շնորհաւորական եւ քաջալերական խօսքերով, այս յաջող ձեռնարկին համար։ Ան շեշտեց, որ աշակերտները նկատի առնեն իրենց ծնողաց եւ ուսուցիչներուն զոհողութիւնները եւ ըլլան հպարտ եւ տիպար հայորդիներ, վստահեցնելով, որ անոնք պիտի ըլլան մեր ղեկավարները, մանկավարժները եւ քաղաքագէտները, պատիւ բերելով հայ ազգին։
Պաշտօնական յայտագիրէն ետք անակնկալ էր դիմաւորել հայկական նուագախումբը, որուն անդամները ներկայացան տուտուկով, դափով եւ զուռնայով։ Անոնք նուագեցին հայկական պարեղանակներ, իսկ խանդավառուած աշակերտները սկսան շուրջպարեր կատարելու դպրոցիս շրջափակին մէջ։ æերմ պահեր էին բոլորին համար, մինչ հայկական «քաթան» կը հրամցուէր բոլորին։ Ուրախութիւնն ու հրճուանքը հասած էր իր գագաթնակէտին։
Ներկաները լիցքաւորուած այս օրուան յայտագիրէն, գոհունակ սրտով եւ բաւարարուած հոգիով վերադարձան, իրենց զաւակները վստահելով «Սահակ-Մեսրոպ» այս հայկական դարբնոցին, ուր փոքրիկներ կը ստանան հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն։
Վարձքը կատար եւ նորանոր յաջողութիւններ մեր հայերէնի եւ երաժշտութեան ուսուցիչներուն, որոնք իրենց կարելին չեն խնայեր, մեր մատղաշ սերունդին մէջ կերտելու հայու հոգին։
Ապագայի լաւ յոյսերով եւ տեսլականով հրաժեշտ տուինք, ունենալով անմոռանալի յիշատակներ։
ՍՕՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Asbarez.com