«Հեռախօսամարաթոն-2016»-ը Նիտըրլանտներու Մէջ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոլանտայի «Armeniëfonds Nederland» մասնաճիւղի վարչութեան ծանուցումը՝ Հիմնադրամի տարեկան հեռախօսամարաթոնին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 18,19,20-ին: Հեռախօսամարաթոնէն ետք տեղի պիտի ունենայ Հիմնադրամի տարեկան Հեռուստամարաթոնը` Նոյեմբեր 24-ին:
Դրամատնային հաշուեհամար NL38INGB 000 75 43 414
Յարգելի հայրենակիցներ,
Մէկ տարուան դադարէն ետք, այս տարի կրկին կը կազմակերպուի Հեռախօսամարաթոն:
Հոլանտաբնակ մեր հայրենակիցներու եւ ընկերներու նիւթական աջակցութեան շնորհիւ՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոլանտայի մասնաճիւղը կրցած է իր ներդրումը ունենալ վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կազմակերպուած շարք մը ծրագիրներու իրականացման մէջ:
2014-ին յաջողած ենք Հայաստան փոխանցել 74.000 եւրօ: Նշուած գումարին մէկ մասը յատկացուած է Սուրիոյ Քեսապ քաղաքին մէջ պատերազմէն տուժած հայերուն: Ինչպէս նշուած էր 2013-ի Հեռախօսամարաթոնին ժամանակ, գումար յատկացուած է նաեւ Արցախի Խաչմաչ գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցման համար:
Այս տարի ձեր աջակցութիւնը կրնաք ցուցաբերել Նոյեմբեր 18-ին, 19-ին եւ 20-ին, երբ հեռախօսով ձեզ հետ պիտի կապուին հիմնադրամի հեռախօսավարներու խումբի անդամները: Հեռախօսամարաթոն 2016-ին նպատակն է աջակցիլ այս տարի տեղի ունեցած Հայ-ատրպէյճանական պատերազմին հետեւանքով աւերածութիւններու վերականգնման աշխատանքներուն:
Փոխանցումներուն համար կը խնդրենք օգտագործել «Ver. Armeniëfonds Nederland» հիմնադրամին ING NL38INGB00075 43 414 հաշուեհամարը Weesp քաղաքին մէջ:
Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք ընել նաեւ լրացնելով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Armeniëfonds» կայքի «Doneren» էջին տեղադրուած ձեւաթերթիկը:
Կը խնդրենք ձեր նուիրատուութիւնները կատարել բացառապէս վերոնշեալ երկու տարբերակով` լրացնելով կայքին մէջ տեղադրուած ձեւաթերթիկը, կամ համացանցային փոխանցումով:
Յոյս ունինք, որ նաեւ ապագային պիտի ունենանք ձեր աջակցութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ծրագիրներու իրականացման մէջ:
Կ՝ուզէի նաեւ ձեր օգնութիւնը խնդրել հեռախօսավարներու խումբը համալրելու հարցով: Կրնաք արձանագրուիլ ել. նամակ ուղարկելով Հեռախոսամարաթոն 2016-ի աշխատակազմին։
Յարգանքներով`
ARMENIËFONDS NEDERLAND
նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար` Տիգրան Սարեան