Սլաք. «Վարձքերնիդ Կատար»

21 դեկտեմբեր 2012-ի գիշերը Վարուժան Խտըշեանը անհանգստացաւ եւ այդ պատճառով գրեթէ չորս ամիս հիւանդանոց մնաց, որմէ ետք Ազունիէի բուժարանի տնօրէնութեան յատուկ դասաւորումով փոխադրուեցաւ հոն եւ մինչեւ անցեալ շաբաթ հոն էր:
Անժելան մօտէն կը հետեւէր անոր խնամքին, ձեւով մը «պահապան հրեշտակ»-ն էր, որ ամբողջ անցնող ամիսներուն փորձեց առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալ եւ ոչ մէկ բան խնայեց Վարուժը ուրախ պահելու համար:
Թատրոնի իր տղաքն ալ մնայուն այցելուներն էին: Քիչ մը կատակ, քիչ մը յուզում, քիչ մըն ալ անխօս նայուածքներով անցուցինք այս 10 ամիսները:
Անցեալ շաբաթ Վարուժը որոշեց իր տունը վերադառնալ: Կարօտցած էր իր անկողինը, տան ջերմութիւնը, մթնոլորտը թատերական աֆիշներն ու նկարները, Հ1, «mezzo»-ն եւ դասական երաժշտութիւնը: Կազմը ամբողջութեամբ պատրաստելէ ետք, չորեքշաբթի հիւանդատարի յատուկ կարգադրութեամբ փոխադրեցինք տուն:
Կիրակի օր, երեկոյեան որոշեցի հանդիպիլ անոր: Նոյն Վարուժը գտնելով` շատ ուրախացայ:
Ուրախացայ, որ առանձին չէ Վարուժը, շրջապատուած է զինք սիրող եւ յարգող անձերով:
Այս մտածումներս ուզեցի գրել, որովհետեւ վերջերս դարձեալ գաղութին մէջ բանաստեղծ մը անհանգստացաւ եւ հիւանդանոցին մուտքին առջեւ ամբողջ օր մը սպասեց, որ զինք հովանաւորող մը գտնէ եւ հիւանդանոցէն ներս առնուի, աւելի առաջ դերասան մը, մեզի բոլորիս ծանօթ, սիրելի անձնաւորութիւն մը, տառապեցաւ եւ կը տառապի տակաւին աղիքներու քաղցկեղէ, վաստակաւոր ուսուցիչ մը, որ դեղերու համար բարեսիրական միութիւններու կը դիմէ եւ այլն եւ այլն: Ինչպէ՞ս կարելի է հաշտուիլ այս տխուր եւ ցաւոտ իրականութեան հետ:
Գաղութ մը, որ մէկ գիշերուան մէջ 800 հազար ամերիկեան տոլար կրնայ հաւաքել, միացեալ դպրոց շինելու քաջութիւնը կ՛ունենայ, սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմին կը յառաջացնէ… անդին` փաղանգ մը արուեստագէտներ եւ մտաւորականներ նետուած են հովին ու բուքին: Երեսուն տարի հայ դպրոցին ծառայէ, յետոյ բժշկական խնամք մը իսկ չ՛ունենայ: Քսան տարի հայ բեմին ծառայէ, հարցնող հանդիսատես մը չունենայ: Տարիներով բանաստեղծութիւններ եւ յօդուածներ գրէ եւ հիւանդանոցին դրան առջեւ առանց նիւթականի մնայ:
Քիչ մը շատ չէ՞:
Ամօթ չէ՞ մեզի:
Մենք, որ սփիւռքահայութեան սիրտն ենք, ամէն բանի մէջ առաջնահերթութիւնը գրաւելու մեծամտութիւնը ունինք, ի՞նչ կը սպասենք, որ այս թղթածրարը ձեռք առնենք:
Անոնց արժանապատուութիւնը մերն է:
Անոնց դիմագիծը մերն է:
Անոնց վիրաւորանքը մերն է:
Փառք Աստուծոյ, Վարուժը ինքնաբաւ է, խնամող ալ ունի, հոգացող ալ, սակայն միւսնե՞րը…
Չզարմանանք, որ նոր սերունդը ազգային կառոյցներու մէջ աշխատելու ցանկութիւնը չունի: Փաստօրէն ականատես են ապերախտ, անշնորհակալ եւ անտեսուած վերաբերմունքի:
Կը քննադատենք ուրիշները, որ յուշագրերով եւ մետալներով կը խաբեն: Մենք ալ նոյնը կ՛ընենք: Երեսուն տարուան ծառայութիւն ունեցող ուսուցիչին ի՞նչ կ՛ընենք: Կարկանդակ, յուշանուէր, ուրի՞շ…. Գնա՛, կեանքդ շարունակէ: Դեռ ուսուցիչները կը պատուըւին, երաժիշտը, դերասանը, բանաստեղծը, խմբագիրը այդ ալ չեն տեսներ:
Պէտք է տիրութիւն ընենք մեր արուեստագէտներուն: Պէտք է տիրութիւն ընենք մեր մտաւորականներուն:
Անցեալները բանաստեղծ բարեկամս կը պատմէր, թէ ինչպէս եւ քանի հոգի ներկայ էր Աբրահամ Ալիքեանի թաղման: Անկախ ատկէ, որ ծերանոց «նետուած» էր:
Կիրակի գիշեր, երբ վերադարձայ Վարուժանին տունէն, ուրախ էի, որ Վարուժը ուրախ է: Ուրախ էի, որ անտէր չէր, ինքնաբաւ էր նիւթապէս եւ բարոյապէս: Բայց մէջս տագնապ մը արթնցաւ Վարուժին ընդմէջէն այդ բոլոր նուիրեալներուն վաստակին, որոնք անտէր են եւ անզօր, սակայն` ամբողջ կեանք մը այս գաղութին եւ ազգին ծառայած:
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ