Պասքեթպոլի Մրցաշար` Նուիրուած Նոր Ջուղայի Հայոց Ազգ. Դպրոցներու Հիմնադիր Բարերարներու Յիշատակին

Հինգշաբթի` Նոյեմբեր 10-ին, Ն. Ջ. Հայ Մ.Մ. «Արարատ» միութեան մարզասրահին մէջ կայացաւ դպրոցական պասքեթպոլի մրցաշար` նուիրուած Նոր Ջուղայի Հայոց ազգ. «Քանանեան» իգական եւ «Կատարինեան» արական միջնակարգ (աւագ) դպրոցներու հիմնադիր բարերարներու յիշատակին:
Ինչպէս Իրանէն «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Երանուշ Թահմազեան` նախաձեռնութիւնը զոյգ դպրոցներու տեսչութեանն էր, որուն կազմակերպման համար իրենց սերտ համագործակցութիւնը բերած էին Ծնողական խորհուրդները, Ն. Ջ. Հայ Մ.Մ. «Արարարտ» միութեան կեդրոնական վարչութիւնը եւ Մարզական միաւորը: Մրցաշարը իր խրախուսական ներկայութեամբ պատուած էր Շահինշահր քաղաքի հոգեւոր տեսուչ Տ.Անանիա ծ.վրդ. Գուջանեան: Մրցաշարը կայացաւ աշակերտութենէն կազմուած` «Արցախ», «Արքա», «Բազէ» եւ «Սպարտակ» խումբերուն միջեւ, որոնցմէ ամենաշատ միաւոր հաւաքած «Արցախ» եւ «Արքա» խումբերը մրցեցան եզրափակիչ փուլին: Լարուած մրցակցութեան արդիւնքով յաղթող ճանչցուեցաւ «Արցախ» խումբը եւ պարգեւատրուեցաւ, իսկ բոլոր մասնակիցներուն շնորհուեցաւ յուշանուէրներ:
Նշելի է, որ իւրաքանչիւր խումբ կ’ընդգրկէր աղջիկ եւ տղայ, որ խաղերը դարձուցած էր աւելի հետաքրքիր: Առաւել հետաքրքիր էր այն, որ տղաները ֆիզիքապէս ըլլալով աւելի զօրեղ, խաղերուն ընթացքին զգուշաւոր էին աղջիկներուն նկատմամբ` ասպետական վերաբերմունք ցուցաբերելով, որ «Քանանեան» դպրոցի փոխտեսուչ Ռիմա Սիմոնեան եւ Հայր Անանիա Գուջանեան իրենց խօսքերուն մէջ բարձր գնահատեցին: Շնորհակալական խօսք ուղղեցին նաեւ մրցավարներուն, իրաւարար կազմին, բուժքրոջը, ծնողական եւ աշակերտական խորհուրդներուն, խաղերը իրականացման գործին աջակցող անձանց: Գերպ. Հայր Սուրբը իր խօսքի շարունակութեան մէջ յոյս յայտնեց, որ սկիզբ դրուած այս գեղեցիկ խաղերը ըլլան շարունակական, նաեւ կարեւոր համարեց իրար սիրելու եւ յարգելու գաղափարը, որն ակնյայտ էր խաղերուն ընթացքին: Այդ առումով յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց զոյգ դպրոցներու պատասխանատուներ` Ռիմա Սիմոնեանին եւ Ռուբէն Խաչիկ Գրիգորեանին:
Լուսանկարները` հեղինակի