Նախապատերազմական Վիճակ Չկայ, Բայց Ատիկա Չի Նշանակեր, Որ Մեր Զգօնութիւնը Պէտք է Նուազի. Դաւիթ Բաբայեան

ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան կը նշէ, որ հակառակորդին կողմէ առաջնագիծի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերու արկակոծումը առանձնապէս որեւէ բանով պայմանաւորուած չէ եւ ատիկա Ատրպէյճանի պետութեան էութիւնն է:

«Իհարկէ այն, որ զօրավարժութիւններ են անցկացւում, այդ համատեքստում էլ են խախտում զինադադարի ռեժիմը, բայց սա այդ պետութեան էութիւնն է, եւ նման պետութիւնները հէնց այդպիսի քաղաքականութիւն են վարում»,- ըսած է ան, կը յայտնէ Թերթ.ամ-ը:

Նշենք, որ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ մասնաւորապէս` ժամը 12:15-էն սկսած, հակառակորդը 60 եւ 82 միլիմեթրանոց ականանետերէ կ՛արկակոծէ առաջնագիծի հիւսիսարեւելեան (Թալիշ եւ Եարըմջա) ուղղութեամբ տեղակայուած պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերը: Յատկապէս բուռնս արկակոծութեան կ՛ենթարկուին Եարըմջա գիւղի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտերը:

Դաւիթ Բաբայեան նշած է, որ որքան Ատրպէյճանի ընկերա-տնտեսական վիճակը կը բարդանայ, այնքան Ատրպէյճանը ապակառուցողական դիրք կ՛ընդունի, կրկին կը շահարկուի  արտաքին թշնամիի կերպարը, որպէսզի բնակչութիւնը շեղէ առկայ խնդիրներէն, ինչ որ նաեւ կանխատեսելի է:

«Ամէն ինչ արւում է մեր բանակի մարտունակութիւնը բարձր պահելու համար, ինչն ամենակարեւոր եւ ամենագործուն մեխանիզմն է, որպէսզի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը տարածաշրջանում պահպանուի: Ուրիշ տարբերակ չկայ»,- ըսած է ան եւ վստահեցուցած, որ միշտ ալ համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկուին Արցախի անկախութիւնը եւ անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

«Սակայն խօսել այն մասին, որ կայ նախապատերազմական վիճակ, դա ի հարկէ այդպէս չէ, բայց այն, որ հաւանականութիւնը քիչ է, դա չի նշանակում, որ մեր զգօնութիւնն էլ պէտք է քիչ լինի, կամ նուազի, կամ էլ նման երեւոյթների վրայ չպէտք է ուշադրութիւն դարձնենք: Իրավիճակը վերահսկւում է, որեւէ արտառոց բան չկայ»,- ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի համանախագահողներու արձագանգին, ապա ԼՂՀ նախագահի մամուլի խօսնակը մէջբերեց երկու օր առաջ ԱՄՆ դեսպանի Ատրպէյճանի մէջ ըրած յայտարարութիւնը, ըստ որու` ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային եւ խաղաղ ճանապարհին այլընտրանք  չկայ:   «Նայ դա արել է այս զօրավարժութիւնների նախօրէին, ինչը յստակ պատգամ է, որ Ատրպէյճանը  յանկարծ չմտածի իրավիճակն ապակայունացնելու ուղղութեամբ»,- աւելցուցած է ան:

Scroll Up