Հայ Մշակոյթի Ամսուան Հանդէս ՀԲԸՄ Մանուկեան Տեմիրճեան Վարժարանի Նախակրթարանին Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/11/0000AGBU-MD-Mshagouyt.jpg)
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ Մանուկեան Տեմիրճեան վարժարանի նախակրթարանի աշակերտութիւնը հաւաքուած էր «Աղաճանեան» սրահ՝ տօնախմբելու Հայ Մշակոյթի ամիսը:
Հաւաքին ընթացքին աշակերտները առիթ ունեցան դիտելու հայ մշակոյթի գանձարանէն նմոյշներ տեսաերիզի վրայ եւ, որպէս ժառանգորդները այս հարուստ մշակոյթին, լսեցին իրենց ուղղուած պատգամները։
Աշակերտները նաեւ արտասանեցին հայերէն դասապահերու ընթացքին իրենց սորված ոտանաւորներէն:
Սքանչելի էին հաւաքին ընթացքին աշակերտներուն երգած երգերը: Ուղղակի բոլոր ուսուցիչները փշաքաղուեցան, երբ լսեցին մեր մատաղ սերունդին շրթունքներէն բխած այդ զգայացունց երգերը՝ նուիրուած հայոց լեզուին եւ մեր ազգի մեծագործ՝ Մեսրոպ Մաշտոցին:
Վարձքը կատար երգի ուսուցչուհի Արուս Անդրէասեանին, ինչպէս նաեւ հայերէն դասաւանդող ուսուցչուհիներ՝ Յասմիկ Մուրադեանին, Սեւան Տէր Պետրոսեանին, Թագուշ Նալպանտեանին, Զեփիւռ Տէմիրճեանին եւ Մարալ Ոսկեանին:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)