Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ընդունած Թուրք Մտաւորականին Դէմ Դատական Հայց Ներկայացուած է

Թրքական ընդդիմադիր «Özgür Gündem» լրատուական կայքի 9 ներկայացուցիչի դէմ դատարան հայց ներկայացուած է, կը գրէ ermenihaber.am-ը:
Թրքական իշխանամէտ «Sabah» թերթը կը յայտնէ, որ Սթամպուլի դատախազութիւնը ներկայացուցած է մեղադրական, ուր կայքի գլխաւոր խմբագիր Պիլիր Քայան, ղեկավար կազմէն Քեմալ Սանջըլըն, Ինալ Քըզըլքայան, նախկին խմբագիր Էրեն Քեսքինը, ղեկավար խորհուրդի անդամներ Ասլը Էրտողանը, Պիլգէ Ջոնթեփէն, Ֆիլիզ Քոչալին, Նեճմիյէ Ալփաը եւ Ռաքըփ Զարաքոլուն կը մեղադրուին «զինուած ահաբեկչական կազմակարպութեան անդամկցելուն», «պետութեան միասնականութիւնը եւ ամբողջականութիւնը խախտելուն», «յանցանք գործելու նպատակով հիմնուած կազմակերպութեան անդամակցելուն» եւ «ահաբեկչական կազմակերպութեան օգտին քարոզչութիւն ընելուն» մէջ:
Մեղադրականին մէջ կը նշուի, որ «Özgür Gündem»-ը եղած է «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) տպագիր մարմինը, ուր տեղ յատկացուած են PKK-ի եւ «Քրտական համայնքներու միութեան» (KCK) ղեկավարներու յօդուածներուն եւ տեսակէտներուն:
Ըստ մեղադրականին` կայքին մէջ կը հրապարակուէին KCK-ի գործադիր խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Քարասուի (Հուսէյին Ալի կեղծանուամբ), PKK-ի հիմնադիրներէն Մուզաֆֆեր Այաթայի, KCK գործադիր խորհուրդի համանախագահ Պեսէ Հոզաթի յօդուածները:
Մեղադրականին մէջ նաեւ կը նշուի. «Özgür Gündem»-ը եղած է ահաբեկչական կազմակերպութեան խօսափողը, հրապարակած է կազմակերպութեան բարձրաստիճան ղեկավարներու յայտարարութիւնները, ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ անոր ղեկավարներուն օգտին իրականացուած քարոզարշաւը հասանելի դարձուցած է անոնց համակիր զանգուածներուն, հրապարակած է Թուրքիոյ դէմ հասարակական կարծիք ձեւաւորող անհիմն լուրեր, PKK-ի գործողութիւնները ներկայացուցած է որպէս իրաւական, ժողովուրդը դրդած է ատելութեան եւ ապստամբութեան:
Նշենք, որ թուրք հրատարակիչ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռաքըփ Զարաքոլուն 2011-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանին կողմէ պարգեւատրուած է Յակոբ Մեղապարտի անուան մետալով` իբրեւ հրատարակչական մեծ գործունէութիւն ծաւալող անձ, որ նաեւ տասնեակ հատորներ նուիրած է Ազգային գրադարանին: