ՀՅԴ ԿԿի Պատուիրակութիւն Մը Շնորհաւորական Այց Կատարեց Լիբանանի Հիւպատոսարան

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը Երկուշաբթի օր պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հիւպատոսարանը, շնորհաւորելու համար Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի ընտրութիւնը:

Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի ջերմօրէն ընդունեց պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Այտա Տիմէճեան, Հոլիվուտի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան անդամներ Գարօ Խանճեան ու Յարութ Մատէնեան:

Պատուիրակութիւնը յատուկ շնորհաւորական գրքոյկին մէջ արձանագրեց իր շնորհաւորական խօսքը՝ յաջողութիւն մաղթելով նախագահ Աունին:

Յատուկ շնորհաւորական գրքոյկ մը կար նաեւ Լիբանանի նորանշանակ վարչապետ Սաատ Հարիրի անունով, ուր եւս պատուիրակութիւնը արձանագրեց իր շնորհաւորանքը՝ մաղթելով, որ վարչապետը՝ Թաէֆի համաձայնագիրի կենսագործման ճամբով, կ՛ամրապնդէ երկիրի ներքին քաղաքական կայունութիւնը:

Scroll Up