Դեսպան Մկրտչեան մեծապէս գնահատեց Համազգայինի ազգանուէր գործունէութիւնը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, ծանօթացման հանդիպումներու ծիրին մէջ, անցնող շաբաթ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հետ:

Ներկայացուեցան վարչութեանս աշխատանքային դաշտն ու մօտիկ ապագայի ծրագիրները, Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» եւ Անթիլիասի «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» կեդրոններուն մէջ գործող Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ միութեանս դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Դեսպան Մկրտչեան մեծապէս գնահատեց Համազգայինի ազգանուէր գործունէութիւնը եւ յայտնեց իր զօրակցութիւնը` յաջողութիւն մաղթելով նորակազմ վարչութեան:

Այս առիթով ան միութեանս յանձնեց շնորհակալագիր մը, ուր իր գնահատանքը կը յայտնէր Լիբանանի հարաւային Շամա շրջանը  հաստատուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու «Արեւմտեան հատուած»-ի կեդրոնատեղիին մէջ 23 սեպտեմբերին տեղի ունեցած Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութեան` Համազգայինի դհոլահարներու խումբին ունեցած ոգեւորիչ ելոյթին համար:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Scroll Up