Թրամփ Դարձած Է ԱՄՆ 45-րդ Նախագահը

ԱՄՆ-ի 45-րդ նախագահ դարձած է հանրապետական Տոնալտ Թրամփը: Նիւ Եորքի մէջ գտնուող Trump Tower աշտարակին մէջ ան ելոյթ  ունեցած է իր կողմնակիցներուն առջեւ, շնորհակալութիւն յայտնած ընտրազանգուածին եւ հաստատած, որ Քլինթընը շնորհաւորած է զինք` նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակին առիթով: Հէնց այդ աշտարակէն ալ նախագահի հանրապետական թեկնածուն կը հետեւի քուէարկութեան արդիւնքներուն:

«Ես պիտի ըլլամ բոլոր ամերիկացիներու նախագահը: Պէտք է աշխատինք ամերիկեան երազանքը նորացնելու համար»,- CNN-ի փոխանցամբ` ըսած է նորընտիր նախագահը` կոչ ընելով ամերիկեան երազանքի մէջ աւելի համարձակ ըլլալու:

Դեմոկրատ Քլինթընը զանգահարած է իր մրցակից հանրապետական  Թրամփին եւ ճանչցած իր պարտութիւնը: Ամերիկեան հեռուստաալիքի տուեալներուն համաձայն` Թրամփ հաւաքած է ընտրողներու խորհուրդի անդամներու 288 ձայնը, իսկ Քլինթըն 215: Ըստ Ուաշինկթըն փոստի` Թրամփ կը յաղթէ ընտրողներու 276 ձայնով:

Scroll Up