Հենրիխ Մխիթարեան Դարձաւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Բարի Կամքի Դեսպան. լուսանկարներ

Աւանի ֆութպոլի ակադեմիոյ տեխնիքական կեդրոնին մէջ, այսօր` Նոյեմբեր 9-ին, Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ եւ անգլիական «Մանչեսթըր Եունայթետ» խումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան նշանակուեցաւ ԵՈՒՆԵՍԵՖ-ի բարի կամքի դեսպան:

Մխիթարեան պիտի օժանդակէ ԵՈՒՆԵՍԵՖ-ին` երեխաներու կրթութիւն ստանալու իրաւունքը առաջ մղելու գործին մէջ, պիտի բարձրաձայնէ Հայաստանի առաւել կարիքաւոր երեխաներու իրաւունքներուն մասին: Այս նշանակումը ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի 70-ամեակին առթիւ է, որ կը  նշուի այս տարուան Դեկտեմբերին:

Մխիթարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Վստահ եմ, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ կրնանք երեխաներու կողքին ըլլալ: Հայաստան այն եզակի կազմակերպութիւններէն է, որ նման կերպ երեխաներու կողքին է: ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ իմ համագործակցութեան հիմնական շեշտը պիտի ըլլայ կրթութեան ոլորտը: Աշխոյժ քայլեր պիտի ձեռնարկենք, որ իւրաքանչիւր երեխայի համար լաւ հնարաւորութիւններ ստեղծուին»,- կը գրէ news.am-ը:

Այնուհետեւ Մխիթարեանին յանձնուեցաւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գրութեամբ խաղաշապիկ: ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի բարի կամքի դեսպան է հանրայայտ ֆութպոլիստ Լէոնել Մեսսին, երգչուհի Շաքիրան, ժամանակին Օտրի Հեփբերնը:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ -ի հայաստանեան ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչայ ըսաւ, որ յառաջիկային այլ հայ ֆուտպլիստներ չեն նշանակեր իբրեւ բարի կամքի դեսպան:

Մխիթարյան1Մխիթարյան2Մխիթարյան3մխիթարյան4

Scroll Up