Նոր Զարգացում Տինքի Սպանութեան Գործով Դատավարութեան Ընթացքին Մէջ

Թուրքիոյ մէջ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութեան ընթացքին մէջ ոստիկանութեան հետախուզութեան նախկին պետ Ռամազան Աքիւրեքը պնդած է, թէ Սթամպուլի նախկին նահանգապետ Ճելալէտին Ճերրահը իրմէ պահանջած էր ոչնչացնել Տինքի սպանութեան նախապատրաստութեան մասին տեղեկութիւնը:

Թրքական Habertürk-ի փոխանցմամբ` Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատավարութեան ընթացքին, ուր որպէս մեղադրեալ մասնակցած են ներկայ եւ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հետաքրքրական դէպք մը տեղի ունեցած է:

Երկու տարի կալանքի տակ գտնուող ոստիկանութեան հետախուզութեան նախկին պետ Ռամազան Աքիւրեքը յայտարարած է, թէ Սթամպուլի այն ժամանակուան նահանգապետ Ճելալէթին Ճերրահը իրմէ պահանջած էր ոչնչացնել հետախուզական այն գրութիւնը, որ Տինքի սպանութենէն առաջ Տրապիզոնէն Սթամպուլ մեկնած են խումբ մը անձիք` «մեծ աղմուկ բարձրացնող» գործողութիւն մը իրականացնելու համար:

Ճելալէթին Ճերրահը հերքած է այս պնդումը` շեշտելով, թէ ինք նման բան չէ պահանջած Ռամազան Աքիւրեքէն, կը գրէ news.am-ը։

Scroll Up