Պոլսոյ ՄԷջ Արեւմտահայերէնով Հրատարակուած Է Սարոյեանի «Թութա՞կ Ես, Ծօ՛» Պատմուածքներու Ժողովածուն

Պոլսոյ մէջ գործող հայկական «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած է ամերիկահայ գրող Ուիլեամ Սարոյեանի պատմուածքներու հիման վրայ կազմուած «Թութա՞կ ես, ծօ՛» գիրքը: Գիրքը արդէն տեղ  գտած է «Արաս»-ի պաշտօնական կայքին մէջ, կը գրէ lratvakan.am-ը:

Արեւմտահայերէնով հրատարակուած ժողովածուի սրբագրմամբ եւ խմբագրմամբ զբաղուած են Հրակ Փափազեանն ու Սեւակ Տէյիրմէնճեանը:

Սարոյեանի «Թութա՞կ ես, ծօ՛» հատորը կազմուած է դեռեւս 1994թ.-ին Պէյրութի «Սիփան» հրատարակչութեան կողմէ հրատարակուած «Պատմուածքներ» ժողովածուի երկրորդ հատորին հիման վրայ, որ անգլերէնէ թարգմանած է Յովհաննէս Շէոհմելեան` Արամ Սեփէթճեանի խմբագրութեամբ:

Scroll Up