Թալիշի Ուղղութեամբ Ատրպէյճանական Զինուժը Կիրառած Է Ձեռքի Հակաթանկային Նռնականետ

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի պահպանման կարգը խախտուած է աւելի քան 40 անգամ: Այս մասին տեղեկացուցին ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

ԼՂՀ  ՊՆ յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի. «Նոյեմբեր 8-ի լոյս 9-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ սահմանին հակառակորդին կողմէ հրադադարի պահպանման կարգը խախտուած է աւելի քան 40 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 670 կրակոց: Շփման գիծի հիւսիսարեւելեան (Թալիշ) ուղղութեամբ ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ձեռքի հակաթանկային նռնականետ (1 արկ):

ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը»:

Scroll Up