ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանային 9-րդ Խորհրդաժողովի Բացում

Հինգ­շաբ­թի, 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016-ի առա­ւօտ­եան, Կիպ­րո­սի մայ­րա­քա­ղաք Նի­կոս­իոյ մէջ, իր աշ­խա­տանք­նե­րուն սկ­սաւ ՀՄԸՄ¬ի միջ դիւա­նա­կան 9-րդ խորհր­դա­ժո­ղո­վը, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ՀՄԸՄ¬ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եւ հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ Կիպ­րո­սի ՀՄԸՄ¬ՀԵՄ¬ի Վար­չու­թեան:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը կը բե­րէ­ին միու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյ­ցի 7 շր­ջա­նա­յին եւ 12 մե­կու­սի վար­չու­թիւն­նե­րու 40 ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ՀՄԸՄ¬ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան կազ­մը եւ «Մար­զիկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թի խըմ­բա­գի­րը: Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին միու­թեան նո­րաս­տեղծ շր­ջան­նե­րէն Թիֆ­լի­սի, Մոսկ­ուա­յի,  Միւ­նի­խի  եւ Առն­հե­մի (Հո­լան­տա) ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վին բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ «Յա­ռաջ նա­հա­տակ» քայ­լեր­գի խմ­բեր­գու­մով, ապա մէկ վայրկ­եան յոտն­կայս լռութ­եամբ մաս­նա­կից­նե­րը յար­գե­ցին յի­շա­տա­կը Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մին զոհ­ուած 24 ՀՄԸՄ-ական­նե­րուն եւ Ար­ցա­խի ռազ­մա­ճա­կատ­նե­րուն վրայ նա­հա­տակ­ուած հայ զի­նուոր­նե­րուն:

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ եւ հա­մաՀՄԸ­Մա­կան նման խորհըր­դա­ժո­ղով­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան եւ դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին խօ­սե­ցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չութ­եան ատե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկըր­տիչ­եան: Ան նշեց, որ նման խորհըր­դա­ժո­ղով­նե­րը առիթ­ներ են միու­թե­նա­կան մեր նե­րու­ժը գնա­հա­տե­լու, անց­նող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը ար­ժե­ւո­րե­լու եւ աւե­լի փայ­լուն ապա­գայ մը ծրագ­րե­լու հա­մար: Ան ըսաւ, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի եւ հայ­րե­նի­քի նշա­նա­կա­լից այս օրե­րուն, ՀՄԸՄ կը մնայ «Մի՛շտ Պատ­րաստ» սկզ­բուն­քով գոր­ծող այն կազ­մա­կեր­պու­թիւնը, որ իր բո­վան­դակ կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը ի սպաս կը դնէ մեր ժո­ղո­վուր­դի կա­րիք­նե­րու բա­ւա­րար­ման եւ Հա­յաս­տա­նի հզօ­րաց­ման ու բար­գա­ւաճ­ման:

-Այ­սօր,¬ շեշ­տեց Մկր­տիչ­եան,¬ Մի­ջին Արե­ւել­քի քա­ղա­քա­կան ծա­նօթ պայ­ման­նե­րուն բե­րու­մով ստեղծ­ուած են նոր իրա­վի­ճակ­ներ: Մեր ժո­ղո­վուր­դին տե­ղա­բաշ­խա­կան պատ­կե­րը են­թարկ­ուած է փո­փո­խու­թեան եւ հե­տե­ւա­բար, ՀՄԸՄ հարկ է որ ամ­բող­ջա­կան ու­ժե­րով լըծ­ուի մեր ցիր ու ցան ժո­ղո­վուր­դի հա­մախմբ­ման ու կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծին:

ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չութ­եան ատե­նա­պե­տին խօս­քէն ետք, խորհր­դա­ժո­ղո­վը ան­ցաւ իր առա­ջին օր­ուան աշ­խա­տան­քին եւ լսեց միու­թեան շր­ջան­նե­րու ամ­փոփ տե­ղե­կա­գիր­նե­րը, որոնք ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու կող­մէ ներ­կա­յաց­ուե­ցան լսա­տե­սո­ղա­կան ար­դի մի­ջոց­նե­րով:

Խորհր­դա­ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կէ մին­չեւ Շա­բաթ օր, օրա­կար­գին վրայ ու­նե­նա­լով մար­զա­կան, սկաու­տա­կան, վար­չա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան վե­րա­բե­րող նիւ­թեր, ՀՄԸՄ-ի եւ Հա­յաս­տա­նի Ա. Հան­րա­պե­տու­թեան 100-ամ­եա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րող ծրա­գիր­ներ, «Մար­զիկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թի եւ ՀՄԸՄ-ի քա­րոզ­չա­կան մի­ջոց­նե­րուն առըն­չուող հար­ցեր եւ վար­չա­կան ու դիւա­նա­կան ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տանք­ներ:

ՀՄԸՄԻ ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԱ­ԿԱՆ ՎԱՐ­ՉՈՒ­ԹԵԱՆ ԼԻ­Ա­ԳՈՒ­ՄԱՐ ՆԻՍ­ՏԵ­ՐՈՒ ԱՒԱՐՏ

ՀՄԸՄ-ի միջդիւա­նա­կան 9-րդ խորհր­դա­ժո­ղո­վը կան­խեց ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եր­կօր­եայ լի­ա­գու­մա­րը, որ քն­նեց միութ­եան վեր­ջին Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վէն` Սեպ­տեմ­բեր 2015-էն մին­չեւ օրս միու­թեան կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ յա­ռա­ջի­կայ երեք տա­րի­նե­րու ծրա­գիր­նե­րը:

Լի­ա­գու­մա­րը լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ հա­մաՀՄԸՄական յա­ռա­ջի­կայ մար­զա­խա­ղե­րուն (2017) եւ բա­նա­կու­մին (2018) կազ­մա­կերպ­ման գծով տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ար­ծարծ­ուե­ցան նա­եւ միութ­եան կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քը յու­զող ընդ­հան­րա­կան մտա­հո­գու­թիւն­ներ. Եւ­րո­պա­յի մէջ նոր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ստեղ­ծում, Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պա­կան ցան­ցի ընդ­լայ­նում, սկաու­տա­կան մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մար­նե­րու եւ ճամ­բար-նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւն, միութ­եան քա­րոզ­չա­կան  հա­մա­կար­գի վե­րա­կազ­մա­կեր­պում, տն­տե­սա­կան հզօ­րաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ եւ այլն:

ՀՄԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չութ­եան լի­ա­գու­մա­րը իր եր­կու օր­ուան սպա­ռիչ նիս­տե­րուն ըն­թաց­քին մշա­կեց նա­եւ միու­թեան 100-ամ­եա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն եւ հա­մաՀՄԸՄական տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պար­փակ ծրա­գի­րը:

Scroll Up