ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Հայաստանի Մօտ Իտալիոյ Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան Պրունօ Սկապինը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/11/IMG_9993.jpg)
Նոյեմբեր 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրունօ Սկապինը, որ կ’աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը մեր երկրին մէջ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ողջունելով դեսպան Սկապինը, ընդգծեց հայ-իտալական բարեկամական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը` շեշտելով պարոն դեսպանի անուրանալի ծառայութիւնները, եւ յոյս յայտնեց, որ դեսպանի հետ սերտ համագործակցութեան արդիւնքով յետագային աւելի կը խորանան երկկողմ կապերը ու Իտալիոյ հայ համայնքի հետ գործակցութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-իտալական յարաբերութիւններու, իտալիոյ մէջ ապրող հայերու` երկրի հասարակական կեանքին աշխուժ մասնակցութեան վերաբերող հարցեր:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան դեսպանին մաղթեց աշխատանքի յաջողութիւն եւ յոյս յայտնեց, որ Պրունօ Սկապինին յաճախ կ’այցելէ Հայաստան ու մշտապէս կը պահպանէ իր բարեկամութիւնը հայերու ու Հայաստանի հետ: