Արաբկիրի Հայկական Գերեզմանատունը Կը Վերանորոգուի

Արաբկիրի հայկական գերեզմանատունը վեցամեայ վերականգնողական ու բարեզարդման աշխատանքներէ ետք վայելուչ դիմագիծ ստացաւ, կւ հաղորդէ “Մարմարա”-ն։

Վերականգնողական աշխատանքներուն առաջին քայլը առնուեցաւ 2011-ին։ Անիկա լերան մը ստորոտին լքեալ ու անխնամ վիճակ ունէր նախապէս։ Արաբկիրցիներու նախաձեռնութեամբ, նախ գերեզմանատան կալուածաթուղթն ու յատակագիծը առնուեցան, ապա գերեզմանատան շուրջ պատեր հիւսուեցան։ Գերեզմանատունէն ներս կանգնեցուեցաւ փոքրիկ մատուռ մը։ Շիրիմները պատրաստուեցան միաձաեւ եւ կլիմայական պայմաններու դիմադրող ամուր քարերէ։ Գերեզմանատունէն ներս հարիւրաւոր ծառեր տնկուեցան։ Հայ ճարտարապետներու «ՀայՃար» կազմակերպութեան կողմէ՝ որպէս նուէր, կառուցուեցաւ յուշաղբիւր մը, ինչպէս նաեւ հանգիստի անկիւն մը պատրաստուեցաւ, ու այսպիսով աւարտին հասան գերեզմանատան բարեզարդումի աշխատանքները։

Խոսրով Քիւրքճիւ, Օննիկ Նալպանտղազարօղլու, Պօղոս Հէճինօղլու, Ժընեւ Անատօլ եւ Մարկրիթ Աթմաճա, որպէս նորոգութեան յանձնախումբի անդամներ, վեց տարի շարունակ մեծ ջանքեր տարին այսօրուան այս գոհացուցիչ արդիւնքը ձեռք ձգելու համար։

Բոլոր այս աշխատանքներուն իրենց օժանդակութիւնը բերին նաեւ «ՀայՃար»ի անդամներէն՝ Նազարէթ Պինաթլը եւ Լորի Զաքար։ Պոլիսէն ու արտասահմանէն նախկին արաբկիրցիներ եւս նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերեցին եւ եկան իրենց լուման ներդրելու այս կարեւոր ձեռնարկի յաջողութեան մէջ։ Տեղական իշխանութիւններն ալ՝ գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Հալուք Ճէօմերթօղլուի եւ գաւառապետ Էրճան Թուրանի, օգտակար հանդիսացան աշխատանքներուն։

Scroll Up