Լեհահայ Սփիւռքի Պատմամշակութային Թելադրիչ Քարտէզ Մը

Լե­հաս­տան այս տա­րի մեծ շու­քով կը տօ­նէ իր քրիս­տո­ն­է­աց­ման 1050-ամ­եա­կը, իսկ լե­հա­հայ հա­մայնք­ը կը պատ­րաստ­ուի 2017-ին պատ­շաճ հան­դի­սու­թիւն­նե­րով յի­շա­տա­կե­լու լե­հա­հայ սփիւռ­քի կազ­մա­ւոր­ման 650-ամ­եա­կը`  Քա­ժի­մէժ Մեծ լեհ թա­գա­ւո­րին կող­մէ 1367 թուա­կա­նին Գրի­գոր Եպիս­կո­պո­սին շնորհ­ուած ար­տօ­նա­գի­րին հիման վրայ, Լվո­վի մէջ հայ­կա­կան եպիս­կո­պո­սու­թիւն ու­նե­նցան: Ուս­տի պէտք է հե­տեւց­նել, որ պատ­մա­կան Լե­հաս­տա­նի մէջ լե­հա­հայ դա­րա­ւոր սփիւռ­քի գո­յու­թեան հետ առնչ­ուած գրա­կա­նու­թիւնը հա­մե­մա­տա­բար ծա­ւա­լուն է, բազ­մա­կող­մա­նի ու բազ­մա­լե­զու: Վեր­ջին տաս­նամ­եակ­նե­րու ըն­թաց­քին, մա­նա­ւանդ հա­մայ­նա­վա­րա­կան վար­չա­ձե­ւի փլու­զու­մէն ետք, լոյս տե­սան նոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ եւ զա­նա­զան հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ: Կը նա­խա­տես­ուի, որ այդ գրա­կա­նու­թիւնը առա­ւել եւս ըն­դար­ձակ­ուի ու հարս­տա­նայ յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն, փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մշա­կոյթ­նե­րուն  նկատ­մամբ իրա­կա­նա­ցուող հո­գա­տար ծրա­գիր­նե­րուն շնոր­հիւ:

Սա­կայն, լե­հա­հայ պատ­մա­կան գաղ­թօ­ճախ­նե­րու աշ­խար­հագ­րա­կան տե­ղա­ւո­րում­նե­րը, լե­հա­հա­յե­րու բազ­մա­դար­եան մշա­կոյ­թի, ճար­տա­րա­պե­տա­կան ու պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան, ու լե­հա­հա­յե­րու պատ­կա­նող կալ­ուած­նե­րու, կա­ռոյց­նե­րու տե­ղա­ւո­րու­մը, տե­ղերն ու դիր­քե­րը չեն ներ­կա­յաց­ուած քար­տէ­զագ­րա­կան պա­րու­նա­կով, եռա­չափ (3D) պատ­կե­րա­ցում­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան բա­նո­րա­մա­յին հա­մայ­նա­պատ­կեր­նե­րով:  Պարզ է որ նման քար­տէզ­ներ, հա­մայ­նա­պատ­կեր­ներ հազ­ուա­գիւտ են ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի, պատ­մա­կան արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի, այլ Սփիւռ­քի գրե­թէ բո­լոր հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րու իրա­կա­նու­թեան մէջ:

Այս մտադ­րու­թեամբ 2015-ին լոյս տե­սաւ «Հա­յե­րը լե­հա­կան պատ­մա­կան թա­գա­ւո­րու­թեան եւ Լիթ­ուան­իա­յի մեծ դք­սու­թեանմէջ XVI  էն XVIII դար», 50 x 65 սմ. չա­փով քար­տէ­զը, որ մատ­չե­լի դար­ձաւ 2016-ին, հրա­տա­րա­կուած լե­հե­րէն, ռու­սե­րէն ու հա­յե­րէն  տար­բե­րակ­նե­րով (հա­յե­րէն տար­բե­րա­կին մէջ սխալ­մամբ XIV տպ­ուած է XVI ի փո­խա­րէն): Այս ծրա­գի­րը իրա­գործ­ուե­ցաւ Լե­հաս­տա­նի մէջ Հայ Մշա­կոյ­թի ու Ժա­ռան­գու­թեան Հիմ­նար­կու­թեան ու Պե­լա­ռուս­իոյ «Անիւ» հա­յա­գի­տա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու կենդ­րո­նի մի­աց­եալ ջան­քե­րուն շնոր­հիւ եւ Լե­հաս­տա­նի մէջ Մշա­կոյ­թի եւ Ազ­գա­յին Ժա­ռան­գու­թեան Նա­խա­րա­րու­թեան նիւ­թա­կան աջակ­ցու­թեամբ:

Մաս­նա­գէտ մը ըլ­լա­լու պէտ­քը չկայ` ար­ժե­ւո­րե­լու պատ­մամ­շա­կու­թա­յին այս քար­տէ­զի բո­վան­դա­կու­թիւնը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ լե­հա­հայ սփիւռ­քի ծա­ւա­լու­մը, պատ­մա­կան Լե­հաս­տա­նի աւե­լի քան 70 քա­ղաք­նե­րու կամ շր­ջան­նե­րու մէջ, լե­հա­հա­յե­րու տա­րա­ծու­մը, կայք հաս­տա­տած տե­ղե­րը: Քար­տէ­զի վրայ նշ­մա­րե­լի է լե­հա­հա­յե­րու աշ­խար­հագ­րա­կան ներ­կա­յու­թիւնը, քա­ղաք­նե­րու կամ տու­եալ շր­ջան­նե­րու մէջ տե­ղադ­րում­նե­րը ` իբ­րեւ հա­մախմբ­ուած, ինք­նա­վար հայ հա­մայնք­ներ կամ առանձ­նա­ցած հայ խմ­բա­ւո­րում­ներ, քար­տէ­զը ամ­բող­ջա­ցած է քար­տէ­զագ­րա­կան ըն­կալ­ուած պայ­մա­նա­կան նշան­նե­րով ու տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով:

Քար­տէ­զը աւե­լի հարս­տա­ցած է, երբ անոր վրայ տեղ գտած են պատ­մա­բո­վան­դակ ման­րա­մասն մե­ծար­ժէք քար­տէզ­ներ, որոնք կը ներ­կա­յաց­նեն լե­հա­հայ գա­ղու­թի գլ­խա­ւոր 6 մե­ծա­գոյն հա­մայնք­նե­րէն նկա­տուող քա­ղաք­ներ Զա­մոյշչ, Եազ­լո­վէց, Քամի­է­նեց Բո­թոլսկ, Լվով եւ բաղդա­տա­բար աւե­լի նոր հա­մայնք­ներ` Վար­շա­վա­յի եւ Քրա­քո­վի քա­ղաք­նե­րուն մէջ: Ան­շուշտ քար­տէ­զը առնչ­ուած է պատ­մա­կան Լե­հաս­տա­նի թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ ըստ 1569 թուա­կա­նին տա­րած­քի սահ­ման­նե­րուն (որ ներ­կա­յիս Լե­հաս­տա­նի, Ուք­րան­իոյ, Պե­լա­ռուս­իոյ եւ Լիթ­ուան­իոյ հո­ղա­յին տա­րածք­նե­րէն ներս կ՛իյնայ):

Այս 6 քա­ղաք­նե­րու հետ կապ­ուած լե­հա­հա­յե­րու պատ­մու­թե­նէն հա­ւաք­ուած զա­նա­զան պատ­մա­կան տե­ղե­կագ­րու­թիւն­ներ, ծա­նօ­թու­թիւն­ներ ներ­կա­յաց­ուած են բա­նո­րա­մա­յին բո­վան­դա­կու­թեամբ, եռա­չափ (3D) պատ­կե­րա­ցու­մով, որոնց շնոր­հիւ կա­րե­լի է ծա­նօ­թա­նալ այդ քա­ղաք­նե­րու XVI – XVIII եր­կու դա­րաշր­ջա­նի ման­րա­մաս­նու­թեան պա­րու­նա­կին:

Բնա­կա­նա­բար այդ մէ­կը կը ներ­կա­յաց­նէ ոչ միայն լե­հա­հա­յե­րու ապ­րած վայ­րե­րը, այլ` մեզ կը տե­ղե­կաց­նէ անոնց պատ­կա­նող կալ­ուած­նե­րուն, թա­ղա­մա­սե­րուն, եկե­ղե­ցի­նե­րուն, տպա­րան­նե­րուն, գե­րեզ­մա­նա­տու­նե­րուն, շու­կա­նե­րուն, հրա­պա­րակ­նե­րուն, դրա­մա­տու­նե­րուն, ար­հես­տա­նոց­նե­րուն, տու­նե­րուն, ըլ­լան անոնք հայ­կա­կան հա­մայն­քա­յին կալ­ուած­ներ, վան­քեր կամ հայ ծա­նօթ տոհ­մե­րու, ըն­տա­նիք­նե­րու սե­փա­կան կա­ռոյց­ներ, հաս­տա­տու­թիւն­ներ ինչ­պէս` Յա­կու­բո­վիչ, Ակօբ­սո­վիչ, Մի­նա­սո­վիչ, Ամի­րո­վիչ, Լու­կա­սե­վիչ, Թա­թու­լո­վիչ եւ շատ ու­րիշ­ներ, որոնց մա­կա­նուն­նե­րուն վրայ դա­րե­րու սա­հան­քին հետ նոր մաս­նիկ­ներ աւել­ցած են, ինչ­պէս` «ովիչ», «աչ», կամ լե­հա­կան թարգ­մա­նու­թեամբ վե­րա­փոխ­ուած են նոր տար­բե­րակ­նե­րու ինչ­պէս` Փի­րա­մո­վիչ, Պոկ­տա­նո­վիչ, Եու­զէ­ֆո­վիչ եւ այլն:

Ակ­նա­ռու է վե­րո­յիշ­եալ քա­ղաք­նե­րու մէջ հա­յե­րու դա­րա­ւոր ներ­կա­յու­թիւնը եւ տե­ղա­ւո­րու­մը մա­նա­ւանդ քա­ղա­քի հնա­գոյն ու կեդ­րո­նա­կան շըր­ջան­նե­րու, հրա­պա­րակ­նե­րու ու շու­կա­նե­րու մէջ: Իրա­կա­նու­թիւն մը, որ ոչ միայն կ՛ապա­ցու­ցէ լե­հա­հա­յե­րու դա­րա­ւոր ներ­կա­յու­թիւնը, այլ` պատ­մա­կան գո­յակ­ցու­թիւնը, ինք­նադ­րոշմ ներդ­րու­մը այդ քա­ղաք­նե­րու պատ­մա­կան, մշա­կու­թա­յին ու տն­տե­սա­կան կեան­քի վե­րել­քին մէջ: Ու­շագ­րաւ է նա­եւ, որ լե­հա­հա­յե­րու հան­րա­յին ու հա­մայն­քա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ըն­դուն­ուած զի­նան­շա­նը կամ կն­քան­շա­նը ընդ­հան­րա­պէս եղած է գառ­նուկ մը, որ շալ­կած է խա­չը իբ­րեւ դրօշ:

Քար­տէ­զի պատ­մա­գի­տա­կան, հե­տա­զօ­տա­կան ու տե­ղե­կագ­րա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ իրենց աշ­խա­տակ­ցու­թիւնը բե­րած են Լե­հաս­տա­նի Քրա­քով քա­ղա­քի Եա­կե­լոն­եան դա­րա­ւոր հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս, Ուք­րան­իոյ եւ լե­հա­հա­յոց պատ­մու­թեան մաս­նա­գէտ, լեհ պատ­մա­բան Փրոֆ. Անտ­ժէյ Ժի­էն­պան,  գի­տա­կան խորհր­դա­տուու­թեամբ վե­րո­յիշ­եալ հա­մալ­սա­րա­նի լե­հա­հա­յոց պատ­մու­թեան մաս­նա­գէտ լեհ պատ­մա­բան` փրօֆ.  Քշիշ­թոֆ Սթոբ­քա­յի (տես Գան­ձա­սար շա­բա­թա­թերթ Հա­լէպ . Սուր­իա Հոկ­տեմ­բեր Գ. / 2015   էջ 10, 14  եւ  Հոկ­տեմ­բեր Դ. 2015   էջ 11):

Դաշ­տա­յին պրպ­տում­նե­րու աշ­խա­տան­քին մաս­նակ­ցած է Պե­լա­ռուս­իոյ «Անիւ» կեդ­րո­նի վա­րիչ Ար­մէն Խե­չոյ­եան, իսկ քար­տէ­զի գե­ղար­ուես­տա­կան ու մաս­նա­գի­տա­կան հիմ­նա­կան մշա­կու­մը կա­տա­րած է, նման քար­տէզ­նե­րու ուղ­ղութ­եամբ մաս­նա­գի­տա­ցած դոկտ. Ռու­բէն Աթոյ­եան,  հա­մա­կարգ­չա­յին ձե­ւա­ւո­րու­մին մաս­նակ­ցած են Լա­րի­սա Աթոյ­եան եւ Ան­նա Կեր­ման:

Գե­ղար­ուես­տա­կան իմաս­տով նման հա­մայ­նա­պատ­կեր­ներ, բա­նո­րա­մա­յին բո­վան­դա­կու­թեամբ քար­տէզ­ներ ստեղ­ծե­լու հա­մար, կը կա­տար­ուին քա­նի մի փու­լե­րով իրա­կա­նա­ցած հա­մալր­ուած աշ­խա­տանք­ներ, որոնք կը բաղ­կա­նան եր­կու գլ­խա­ւոր մա­սե­րէ` դաշ­տա­յին ու պատ­մամ­շա­կու­թա­յին նիւ­թի վրայ հա­ւաք­ուած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րէ ու մա­սան­գի­տա­կան պրպ­տում­նե­րէ: Գոր­ծա­դաշ­տի փու­լը կը նե­րա­ռէ քա­ղա­քի  կամ տեղ­ւոյն թա­ղա­մա­սե­րու ման­րակր­կիտ բա­ժա­նում­նե­րը, շէն­քե­րու տե­ղագ­րա­կան յա­տա­կա­գի­ծը,  գոյ­քա­ցու­ցակ­նե­րու, կալ­ուած­նե­րու կա­ռոյ­ցը, աշ­խար­հագ­րա­կան պատ­կե­րը, իսկ երկ­րոր­դը պատ­մա­գի­տա­կան կամ մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քը, որ ինք­նին մեծ աշ­խա­տանք է:

Յիշ­եալ տե­սա­կի քար­տէզ­ներ կազ­մե­լու ժա­մա­նակ պէտք է առաջ­նորդ­ուիլ որո­շա­կի ցու­ցա­նի­շե­րով, որոնք կը գոր­ծադր­ուին գծան­կար­չա­կան  հմուտ նա­խա­գի­ծե­րով, հիմն­ուած մե­թո­տի­կա­կան եւ ճար­տա­րա­գի­տա­կան յա­տուկ մաս­նա­գի­տու­թեան վրայ, որ ժա­մա­նա­կա­կից քար­տէ­զագ­րու­թեան մէջ նոր եւ հե­ռան­կա­րա­յին ուղ­ղու­թիւն է:

Լոյս տե­սած նման քար­տէզ­նե­րէն կա­րե­լի է յի­շել Երե­ւա­նի կեդ­րո­նա­կան մա­սի մէկ բա­ժի­նի բա­նո­րա­մա­յին քար­տէ­զը, հրա­տա­րակ­ուած 2013-ին անգ­լե­րէ­նով եւ ռու­սե­րէ­նով, Ար­ցա­խի բա­նո­րա­մա­յին նկա­րա­զարդ քար­տէ­զը  հրա­տա­րակ­ուած 2012-ին:

Գի­տակ­ցե­լով վե­րո­յիշ­եալ քար­տէ­զի օրի­նա­կե­լի ու յոր­դո­րիչ նա­խա­ձեռ­նու­թեան, հոն կու­տակ­ուած աշ­խա­տան­քի բծախնդ­րու­թեան, որ ոչ միայն  կեան­քի կը կո­չէ նն­ջող պատ­մա­կան իրո­ղու­թիւն­ներ, այլ ար­դար քա­րոզ­չա­կա­նու­թեամբ մը կը շո­ղա­զար­դէ հայ Սփիւռ­քի մէկ մաս­նի­կը հան­դի­սա­ցող լե­հա­հա­յու­թեան ներդ­րու­մը մշա­կոյթ­նե­րու քա­ղա­քակր­թու­թեան ծաղ­կու­մին մէջ: Այ­սօր,  երբ մեր տրա­մադ­րու­թեան տակ են հա­մա­կարգ­չա­յին ժա­մա­նա­կա­կից ան­սահ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու հնա­րա­միտ ծրա­գիր­ներ, խրա­խու­սիչ է, որ կեան­քի կոչ­ուին նման քար­տէզ­ներ ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու այն հե­ռան­կա­րով, որ տար­բեր մի­ջոց­նե­րով ու դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան մօ­տե­ցու­մով հայ աշա­կեր­տին, հայ մար­դուն ին­չու չէ  հա­մայ­նա­պատ­կե­րի պա­րու­նա­կով  մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­ուին ոչ միայն մեր պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան տա­րած­քա­յին շր­ջան­նե­րը կա­մա­րող պատ­մա­կան փու­լե­րը, այլ` ժա­մա­նա­կա­կից հայ­կա­կան Սփիւռ­քի զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րու աշ­խար­հագ­րա­կան պատ­կե­րա­ցու­մը, պատ­մա­կան որոշ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով ինչ­պէս` Սի­սի Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պատ­մու­թիւնը, հայ­կա­կան կալ­ուած­նե­րը, պատ­մամը­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան գան­ձե­րը… եւ այլն: Նման հե­ռան­կար­նե­րու հա­մար հարկ է հա­մա­կարգ­ուած առա­ջադ­րանք­ներ մէկ­տե­ղել:

Դոկտ.Արա Սայեղ

Scroll Up