Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարանը՝ Դէպի Աշխուժութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/11/1103ASA11.jpg)
Հայ վարժարանը, ո՛ւր ալ գտնուի, կարիքը ունի իր զաւակներու գուրգուրանքին եւ մեր բոլորին նիւթական ու բարոյական աջակցութեան, որպէսզի արժանավայել ձեւով շարունակէ իր առաքելութիւնը Սփիւռքի տարածքին՝ մնալով հաւատարիմ իր սկզբունքներուն, դաստիարակէ հայ մանուկը եւ կերտէ անոր նկարագիրը՝ անոր փոխանցելով մեր նախնիներուն թողած ժառանգութիւնը:
Այս մտածումէն մեկնած, Հայ Քոյրերու վարժարանը հանգանակային ձեռնարկ մը կազմակերպեց 19 Հոկտեմբեր 2016ի ամբողջ օրը: Խանդավառութիւնը մեծ էր. առաւօտ կանուխէն, բոլոր աշակերտները, կազմակերպիչ յանձնախումբը, կամաւորները, ծնողները, ուսուցչական կազմն ու տնօրէնութիւնը պատրաստ էին օրուան յայտագիրը իրագործելու եւ մասնակցելու ծրագրուած քայլարշաւին, որուն պիտի յաջորդէր երգ, երաժշտութիւն, պար ու «Հուլահուփ», խաղերով, պարերով եւ մարմնամարզութեամբ լեցուն օր մը ունենալու համար:
Նախ, աշակերտները՝ մանկամսուրէն մինչեւ ութերորդ կարգ, իրենց գեղեցիկ եւ օրուան յատուկ տարազներով ունեցան հաւաքական աղօթքի պահ մը, ապա բարձր դասարանի աշակերտներուն առաջնորդութեամբ եւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, ներկաները սկսան փոքր շարժումներով աշխուժացնել իրենց մարմնի մկանները, եւ ճիշդ ժամը 9ին, Ա. դասարանէն մինչեւ 8րդ կարգի աշակերտները՝ իրենց ուսուցիչներով եւ կամաւոր ծնողներով, քալեցին երկու մղոն, Մոնթրոզ քաղաքին մէջ, իսկ մանկապարտէզի աշակերտները քալեցին վարժարանին շրջափակը: Մէկ ժամ ետք, բոլորը վերադարձան աւելի աշխոյժ եւ եռանդուն, իսկ կամաւոր ծնողները զիրենք դիմաւորեցին նախաճաշով ու իւրաքանչիւրին վիզէն կախելով քաջալերական մետալներ:
Յաջորդ յայտագիրը «Հուլահուփ»ն էր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բոլորը՝ մեծէն փոքր. հաճելի էր տեսնել ուսուցիչները իրենց աշակերտներուն հետ մեծ մրցակցութեամբ կը փորձէին օղակները պահել իրենց մարմիններուն վրայ. հետզհետէ բարձրացող եւ արագացող երաժշտութեան հետ, մօտաւորապէս 130 աշակերտ եւ 50 կամաւոր եւ ուսուցիչ կը թնդացնէին վարժարանի շրջափակը, որ այդ օրը առաւել եւս գեղեցկացած էր՝ հայ մանուկին ու պատանիին ժպտացող աչքերով եւ խանդավառ ներկայութեամբ։ Անոնց խանդավառութիւնը կ՛անցնէր իրենց ֆիզիքական աշխուժութենէն անդին՝ հասնելով վարժարանի գոյութեան թափ տալու վճռակամութեան եւ զայն դէպի լաւն ու բարին բարձրացնելու որոշումին:
Այսպէս, այդ աշխոյժ օրը, Հայ Քոյրերու վարժարանը կրցաւ գոյացնել կոկիկ գումար մը՝ հանգանակուած ձեռնարկը հովանաւորողներէն, սակայն որուն ետին կային աշակերտական շա՛տ հետաքրքրական հանգանակային փորձեր, որոնք վստահաբար անմոռանալի պիտի մնան աշակերտներու դպրոցական կեանքի յիշատակարանին մէջ։ Այսպիով, աշակերտներուն համագործակցութեամբ եւ ծնողներուն քաջալերանքով գոյացած գումարը պիտի յատկացուի նոր գնուած արդիական համակարգիչներու կեդրոնի եւ մանկապարտէզի խաղավայրի սարքաւորման:
Վարժարանը մեծապէս շնորհակալ է բոլոր մասնակիցներուն, որոնք ուրախ եւ հաճելի օր մը անցուցին, միաժամանակ՝ ի-րենց ժամանցին ընդմէջէն հոգալով վարժարանի անհրաժեշտ պէտքերուն, միշտ կիզակէտ ունենալով՝ լաւը հասցնել լաւագոյնի՛ն:
Հայ Քոյրերու վարժարանի ընտանիքը երախտապարտ է ձեզի՝ աշակերտնե՛ր, ծնողնե՛ր, կամաւորնե՛ր, որ ձեր բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ մղիչ ուժը դարձաք այս ձեռնարկին յաջողութեան, ոչ միայն նիւթական գումար գոյացնելով, այլեւ դաստիարակիչ փորձառութիւն շնորհելով աշակերտներուն:
Յոյսով ենք, որ այս յաջող գործունէութիւնը կը դառնայ վարժարանի աւանդական ձեռնարկներէն մէկը: