Ատրպէյճանական Զինուժը Կիրառած է Հակատանկային եւ Ենթափողային Նռնականետեր
Նոյեմբեր 1-ի լոյս 2-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է մօտ 40 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 560 կրակոց:
Ինչպէս կը յայտնեն ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն` սահմանագիծի հիւսիսային ուղղութեամբ, բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ատրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ձեռքի հակատանկային (ՁՀՆ-7 /5 արկ/) եւ ենթափողային (ԵՆ-25 /3 արկ/) տիպի նռնականետեր:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հիմնականօրէն պահպանած են հրադադարը եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած են միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: