ՀՀ ՍՓՅՈՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է

Ազնուափա´յլ տիկ. Հրանուշ Յակոբեան.
Սրտի անհուն ցնծութեամբ կը միանանք մեր նորագոյն պատմութեան տօնացոյցին մէջ իր արժանի տեղը գրաւած այս բարեբաստիկ տօնին՝ մաղթելով ի խորոց սրտի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադրութեան հնգամեակը ըլլայ ոսկեայ առաջին օղակը Հայաստան-Սփիւռք սերտ կապերը ա´լ աւելի ամրապնդող պայծառ ոսկեշղթային:
Բազմաբեղուն գործակցութեան, փոխադարձ իրերօգնութեան, իրարմով գոտեպնդուելու եւ հզօրանալու հնգամեայ կենսափորձը կը թելադրէ մեզի, որ հակառակ արձանագրուած անգնահատելի նուաճումներուն, մենք միասնաբար տակաւին երկար ճամբայ ունինք կտրելիք: Վասնզի մէկ է մեր ճակատագիրը, բոլորս ալ նոյն սրբութիւն սրբոց Հայաստանին ուխտեալ ծառաներն ենք, միեւնոյն աւանդապահները մեր աւելի քան մէկուկես միլիոն նահատակներու աւանդին ու կտակին, եւ համեստ վկաները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայ ժողովուրդի ամբողջական յաղթանակին:
Ի դիմաց
Լիբանանահայ գրողներու համախմբումի քարտուղարութեան՝
ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ