ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 9-րդ Խորհրդաժողովի Բացում
Հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովը` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ հիւրընկալութեամբ Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան:
Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միութեան համահայկական կառոյցի 7 Շրջանային եւ 12 Մեկուսի վարչութիւններու 40 ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմը եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրը: Մասնակիցներու շարքին են միութեան նորաստեղծ շրջաններէն Թիֆլիսի, Մոսկուայի, Միւնիխի եւ Առնհեմի (Հոլանտա) ներկայացուցիչները:
Խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգին խմբերգումով, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ մասնակիցները յարգեցին յիշատակը Սուրիոյ պատերազմին զոհուած 24 ՀՄԸՄ-ականներուն եւ Արցախի ռազմաճակատներուն վրայ նահատակուած հայ զինուորներուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ համա-ՀՄԸՄ-ական նման խորհրդաժողովներու կարեւորութեան եւ դերակատարութեան մասին խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: Ան նշեց, որ նման խորհրդաժողովները առիթներ են միութենական մեր ներուժը գնահատելու, անցնող ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը արժեւորելու եւ աւելի փայլուն ապագայ մը ծրագրելու համար: Ան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի պատմութեան նշանակալից այս օրերուն, ՀՄԸՄ կը մնայ «Մի՛շտ պատրաստ» սկզբունքով գործող այն կազմակերպութիւնը, որ իր բովանդակ կարողականութիւնը ի սպաս կը դնէ մեր ժողովուրդի կարիքներու բաւարարման եւ Հայաստանի հզօրացման ու բարգաւաճման:
«Այսօր, Միջին Արեւելքի քաղաքական ծանօթ պայմաններուն բերումով ստեղծուած են նոր իրավիճակներ: Մեր ժողովուրդին տեղաբաշխական պատկերը ենթարկուած է փոփոխութեան եւ, հետեւաբար, ՀՄԸՄ-ը պէտք է ամբողջական ուժերով լծուի մեր ցիր ու ցան ժողովուրդի համախմբման ու կազմակերպման գործին», շեշտեց Մկրտիչեան:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին խօսքէն ետք, խորհրդաժողովը անցաւ իր առաջին օրուան աշխատանքին եւ լսեց միութեան շրջաններու ամփոփ տեղեկագիրները, որոնք այդ շրջաններու ներկայացուցիչներուն կողմէ ներկայացուեցան լսատեսողական արդի միջոցներով:
Խորհրդաժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէ մինչեւ շաբաթ օր` իր օրակարգին վրայ ունենալով մարզական, սկաուտական, վարչական գործունէութեան վերաբերող նիւթեր, ՀՄԸՄ-ի եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն վերաբերող ծրագիրներ, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի եւ ՀՄԸՄ-ի քարոզչական միջոցներուն առնչուող հարցեր եւ վարչական ու դիւանական ընթացիկ աշխատանքներ:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան
Լիագումարի Նիստերու Աւարտ
ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովը կանխեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան երկօրեայ լիագումարը, որ քննեց միութեան վերջին Պատգամաւորական Ժողովէն` սեպտեմբեր 2015-էն մինչեւ օրս միութեան կատարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ երեք տարիներու ծրագիրները:
Լիագումարը լայնօրէն անդրադարձաւ համա-ՀՄԸՄ-ական յառաջիկայ մարզախաղերուն (2017) եւ բանակումին (2018) կազմակերպման գծով տարուող աշխատանքներուն: Արծարծուեցան նաեւ միութեան կազմակերպական կեանքը յուզող ընդհանրական մտահոգութիւններ. Եւրոպայի մէջ նոր մասնաճիւղերու ստեղծում, Հայաստանի մէջ կազմակերպական ցանցի ընդլայնում, սկաուտական միջազգային համագումարներու եւ ճամպորիներու մասնակցութիւն, միութեան քարոզչական համակարգի վերակազմակերպում, տնտեսական հզօրացման նախաձեռնութիւններ եւ այլն:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան լիագումարը իր երկու օրուան սպառիչ նիստերուն ընթացքին մշակեց նաեւ միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն, հրատարակութիւններուն եւ համա-ՀՄԸՄ-ական տարբեր նախաձեռնութիւններուն համապարփակ ծրագիրը:
Լուսանկարները`
ԿԱՐԷՆ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի
Ազդակ