Էդուարդ Նալպանտեան Ընդունած Է ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահները

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն, նոյեմբեր 5-ին ՀՀ ԱԳ Նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ժաք Ֆորն ու ճէյմս Ուորլիքը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրչիկը:
Էդուարդ Նալպանտեան եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացքը առաջ մղելու հնարաւոր ուղիները:
Համանախագահները ՀՀ ԱԳ Նախարարին ներկայացուցած են Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպումներու տպաւորութիւնները:
Էդուարդ Նալպանտեան համանախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է Պաքուէն հնչող բանակցային գործընթացքի էութիւնն ու բնոյթը խեղաթիւրող շարունակական յայտարարութիւններուն եւ վերջերս ատրպէյճանական կողմէ հրադադարի յաճախակի խախտումներուն վրայ` ընդգծելով, որ անոնք կը վնասեն խաղաղ գործընթացքի յառաջմղման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է յառաջիկային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպում կազմակերպելու հնարաւորութիւնը: