Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ֆիլմը` Լաւագոյն Վաւերագրական Կարճամեթրաժ Ֆիլմ «Օսկար»-ի Սեղմ Ցուցակին ՄԷջ

Լոս Անճելըս բնակող հայ բեմադրիչ Նարէ Մկրտչեանի «Տան միւս կողմը» ( The Other Side of Home) վաւերագրական ֆիլմը ընդգրկուած է Օսկարի «Լաւագոյն վաւերագրական կարճամեթրաժ ֆիլմ» անուանակարգի սեղմ ցուցակին մէջ (short list): Հոկտեմբեր 26-ին Ամերիկեան ֆիլմի ակադեմիան հրապարակած է 10 կարճամեթրաժ ֆիլմի ցանկը, որոնք «Օսկարի» կը հաւակնին «Լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ» անուանակարգին մէջ:

«Տան միւս կողմը» վաւերագրական ֆիլմը կը պատմէ Թուրքիոյ քաղաքացի կնոջ մը մասին, որ 2015 թուականին կը պարզէ, որ իր մեծ մայրը Ցեղասպանութիւնը վերապրողներէն մէկն է, եւ կ՛որոշէ մեկնիլ Հայաստան` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի ձեռնարկներուն: Անոր մէջ միշտ կը պայքարին Ցեղասպանութիւն վերապրածն ու Ցեղասպանութիւնը ժխտողը:

Երեւան ծնած բեմադրիչ Նարէ Մկրտչեան Լոս Անճելըս տեղափոխուած է 15 տարի առաջ: Ուսանած է համաշխարհային ֆիլմարուեստի ներկայացուցչական դպրոցներէն մէկուն` USC School of Cinematic Arts, մէջ։ Նարէ Մկրտչեան այս տարիներուն ընթացքին նկարահանած է աւելի քան 60 կարճամեթրաժ ֆիլմ:

 Օսկարի 89-­րդ ամէնամեայ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2017 թուականի Փետրուար 26-­ին:

Scroll Up