ՀՄԸՄի Երիտասարդական Բաժանմունքի Եւ Սաքրամենթոյի «Լոռի» Միաւորի Ստեղծում

Անցնող երկամեակին, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կարեւոր աշխատանքներէն եղաւ ՀՄԸՄի Երիտասարդական բաժանմունքի եւ ՀՄԸՄի Սաքրամենթոյի «Լոռի» միաւորի ստեղծումը:
Երիտասարդական բաժանմունքի ստեղծումը նպատակ ունի համախմբել ՀՄԸՄի անցեալի սկաուտ եւ մարզիկ անդամ-ղեկավարները, որոնք համալսարանական ուսման, ընտանեկան եւ աշխատանքային զանազան պատճառներով կարողութիւնը չունին մնայուն ժողովներու հետեւելու: Այս բաժանմունքի հիմնադրութիւնը պատճառ հանդիսացաւ, որ զանազան մասնաճիւղերէ երիտասարդ ՀՄԸՄականներ համախմբուին եւ պարբերական հանդիպումներով ու ձեռնարկներով հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեն։
Բաժանմունքի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2016ին, ՀՄԸՄի կեդրոնէն ներս. ընթացքին, ուսումնասիրուեցան ՀՄԸՄի ծրագրաւորման մէջ տեղ գտած Երիտասարդական բաժանմունքէն ակնկալիքները: Կարելի եղաւ յստակացնել նաեւ բաժանմունքին նպատակը, որ կը միտի մասնաճիւղերէն ներս երիտասարդութիւնը հետաքրքրող ծրագիրներ մշակել՝ առաւելաբար կեդրոնանալով հայկական մշակոյթի տարածման, երիտասարդութիւնը համախմբող ընկերային երեկոներու կազմակերպման, ՀՄԸՄի անդամարշաւին զարկ տալու եւ ՀՄԸՄական երիտասարդութեան մտային հորիզոնները ընդարձակելու էական գործին վրայ: Բաժանմունքին մօտ Շրջանային վարչութեան կապն է Փիեռ Մանուկեան:
Ինը հոգիով սկիզբ առած այս բաժանմունքը այսօր կը հաշուէ աւելի քան 30 հոգի եւ ունի իր խորհրդանիշը: Բաժանմունքի առաջին դիւանը կը բաղկանայ երեք քոյր-եղբայրներէ. ատենապետ՝ Շանթ Ղազարեան, քարտուղար՝ Զեփիւռ Աւաննէսեան, իսկ գանձապահ՝ Արազ Քէշիշեան:
Անցած ամիսներուն բաժանմունքը կազմակերպեց քանի մը ընկերային երեկոներ, մասնակցեցաւ Նաւասարդեանի շքերթին եւ իր քարոզչական կրպակը ունեցաւ Նաւասարդեանի փառատօնի շրջափակէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ այցելեց ՀՄԸՄի 7րդ Ընդհանուր բանակումը: Պէտք է ըսել, որ այս բաժանմունքը բաւական ճամբայ կտրած է, եւ կան մեծ ակնկալութիւններ, որ անոնք լաւապէս կազմակերպուելով՝ ապագային կը միանան իրենց մասնաճիւղերուն, ուր եւս կը կազմակերպեն երիտասարդական բաժանմունքներ:
ՀՄԸՄ-Ի ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՈՅԻ «ԼՈՌԻ» ՄԻԱՒՈՐԸ
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, ընդառաջելով Սաքրամենթոյի մէջ հաստատուած կարգ մը ՀՄԸՄականներու փափաքին՝ ՀՄԸՄի միաւոր մը հիմնած է Քալիֆորնիոյ նահանգի մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ: Միաւորը սկիզբ առած է փոքրերու ֆութպոլի խումբով մը՝ ապագային ընդարձակուելու հեռանկարով: Այս առումով, Շրջանային վարչութեան անդամ Արմանտ Գիլիճեան քանի մը հանդիպումներ ունեցած է միաւորի պատասխանատուներուն եւ միաւորի ֆութպոլի մարզիչ Արամ Սարգիսեանին հետ, բացատրելով անոնց ՀՄԸՄի առաքելութիւնը, հետապնդած նպատակներն ու կառոյցը, եւ ընդգծելով մօտիկ ապագային միաւորը մասնաճիւղի վերածելու կարեւորութիւնն ու կարելիութիւնները: Նաեւ, Մայիս 15, 2016ին, Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան եւս, ընկերակցութեամբ Արմանտ Գիլիճեանի, նոյն նպատակով հանդիպում մը ունեցաւ Սաքրամենթոյի միաւորի նոյն պատասխանատուներուն հետ:
Իբրեւ առաջին հրապարակային ելոյթ, միաւորը իր փոքրերու ֆութպոլի խումբով մասնակցեցաւ ՀՄԸՄի 41րդ Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ անոր փակման շքերթին:
ՀՄԸՄի այս միաւորի ստեղծումը կը բխի ՀՄԸՄի ռազմավարական ծրագրաւորումէն, ուր կը քաջալերուի միաւորներ ունենալու գաղափարը այն շրջաններէն ներս, ուր հայկական համայնքներ գոյութիւն ունին, սակայն մասնաճիւղ հիմնելը դժուար է: Միաւորի դրութեամբ կարելիութիւն կը ստեղծուի համախմբելու հայ պատանիներն ու երիտասարդները մարզական, սկաուտական կամ հայապահպանման նպաստող այլ խմբակներու հետ:
Շրջանային վարչութեան գրասենեակէն կը յայտնեն, թէ հայկական կարգ մը գաղութներ եւս հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են իրենց համայնքներէն ներս ՀՄԸՄի միաւորներ կամ մասնաճիւղեր կազմելու շուրջ, որպէսզի այս օտար ափերուն վրայ հասակ նետող հայ պատանիները համախմբուին ՀՄԸՄի դրօշին տակ եւ հայկականութեամբ լեցուին:
ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ասպարէզ