Ապխազիոյ Հայկական Կառոյցներու Ներկայացուցիչները Բարձր Կը Գնահատեն Համայնքի Եւ Հայրենիքի Փոխգործակցութիւնը

Թէեւ աւելի քան 100 տարի է, որ ապխազահայերը պատմական հայրենիքի մէջ չեն ապրիր, այնուամենայնիւ կը պահպանեն հայկական աւանդոյթներն ու ազգային ինքնութիւնը:

42-հազարանոց հայ համայնքը աւելի քան մէկ դար է` կը բնակի Ապխազիոյ մէջ, բայց այնքան ընդելուզուած է տեղի բնակչութեան հետ, որ Սուխումի բոլոր պետական եւ հասարակական կառոյցներուն մէջ հայեր կան, կը գրէ armeniasputnik.am կայքը:

Դպրոց եւ կենցաղ

«Ապխազիոյ մէջ մենք լաւ կ’ապրինք, այստեղ հայկական 27 դպրոց կը գործէ, մեր երեխաները հայերէն կը սորվին: Այս հարցով մեզ կ’օգնեն Հայաստանէն բերուած դասագիրքերը», — Sputnik Արմէնիա մամուլի կեդրոնին մէջ կայացած տեսակապի ժամանակ ըսաւ Ապխազիոյ հայերու միութեան նախագահ Գալուստ Տրապիզոնեան: Անոր խօսքով` այս տարուընէ Ապխազիոյ պետական համալսարանին մէջ մանկավարժական բաժանմունք  բացուած է, ուր 13 հայ ուսանող ընդունուած է: Ատիկա կարեւոր իրադարձութիւն է  ապխազահայերու համար, քանի որ հայկական դպրոցներուն մէջ երիտասարդ կազմի կարիքը կայ:

Ապխազիոյ Հանրապետութեան հանրային պալատի անդամ Խաչիկ Մինոսեան մեծ ձեռքբերում կը համարէ այն, որ Ապխազիոյ սահմանադրութիւնը մայրենիով կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն կու տայ հայերուն: Հայ մասնագէտներու խումբ մը պարբերաբար կը ժամանէ Հայաստան ուսուցիչներու որակաւորման մակարդակը բարձրացնելու համար: Ապխազիոյ հայկական կառոյցներու ներկայացուցիչները միաձայն կը վստահեցնեն, որ վերջին տարիներուն դրական ուժ կը նկատուի տեղի համայնքի եւ պատմական հայրենիքի փոխգործակցութեան հարցին մէջ:

«Ամէն տարի բազմաթիւ երեխաներ Ապխազիայէն Հայաստան կը ժամանեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին շնորհիւ: Այս տարի մեր երեխաները մասնակցած են «Իմ Հայաստան» փառատօնին»,- ըսաւ Մինոսեան:

Հայերը Ապխազիոյ պետական համակարգին մէջ

Հայկական համայնքի շատ ներկայացուցիչներ կ’աշխատին Սուխումի եւ Ապխազիոյ միւս քաղաքներուն ու շրջաններու պետական կառոյցներուն մէջ: Մինչեւ վերջերս Ապխազիոյ փոխվարչապետը հայ էր, հասարակական հարցերու նախարարը` Սուրէն Քերսելեանը: Այժմ Ապխազիոյ արտակարգ իրավիճակներու առաջին փոխնախարարը գնդապետ Տիգրան Դիղբալթեանն է, գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալը Աշոտ Մինասեանն է, հանրապետութեան կալուածատուրքի պալատը կը գլխաւորէ տնտեսութեան նախկին նախարար Դաւիթ Իրադեանը: Թէեւ Հայաստանի եւ Ապխազիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չկան, այնուամենայնիւ աստիճանաբար կը զարգանան տնտեսական կապերը, հիմնականին մէջ` մասնաւոր գործարարութեան մակարդակի վրայ:

Այս պահուն կը քննարկուի Հայաստանէն Ապխազիա ձկնամթերք արտահանելու, իսկ Ապխազիայէն Հայաստան` ձկան հումք ներկրելու հարցը:

Լուսանկարը` սփութնիկ Արմէնիայի:

Scroll Up