Աւագութեան Տիտղոս Կը Շնորհուի Կոմիտաս Քհնյ. Թորոսեանին

Կիրակի, Հոկտեմբեր 16ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, Աւագութեան տիտղոս շնորհեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանին եւ օրուան յատուկ հոգեւոր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն: Ներկայ էին եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներն ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Պատարագը մատուցանեց Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան:

Ընդառաջելով առաջնորդ սրբազան հօր դիմումին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, գնահատելով Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեանի բազմամեայ ծառայութիւնը՝ Աւագ քահանայութեան տիտղոս շնորհեց անոր։

Քարոզէն առաջ, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, վեհափառ հայրապետի սրբատառ կոնդակը բերուեցաւ խորան՝ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեանի կողմէ։ Առաջնորդը ընթերցեց կոնդակն ու Աւագ քահանայութեան տիտղոս շնորհեց քահանայ հօր։ Ան նախ գնահատեց անոր անցնող քսանեօթը տարիներու նուիրեալ ծառայութիւնը, որուն տասնհինգը՝ Արեւմտեան թեմէն ներս, ապա շնորհաւորեց զինք, իր ընտանիքն ու Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխական համայնքը։ Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ հոգեւորականներուն ընծայուած պատիւները լոկ մեծարանքի տիտղոսներ չեն, այլ՝ հաւատարմութեան, խոնարհութեան, համեստութեան խթաններ եւ ուխտի նորոգում:

Իր պատգամին մէջ, սրբազանը, անդրադառնալով օրուան աւետարանական դրուագին՝ անապատէն Քրիստոսի Նազարէթ վերադառնալուն եւ ժողովարանին մէջ Աստուծոյ խոստումին աւետիսը փոխանցելուն, նշեց, որ պէտք է յաղթական դուրս գալ ամէն տեսակի փորձութիւններէ եւ ճշմարտութիւնը ճանչնալ։

Իր կարգին, Կոմիտաս Ա. քհնյ Թորոսեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վեհափառին եւ առաջնորդին, որոնք զինք արժանի նկատած են այս պատիւին:

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ կից «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնակատարութիւն՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդին, հիւրընկալութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներուն եւ հոգաբարձութեան ու կազմակերպութեամբ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներուն։

Գրիգոր եղբ. Մսրլեան բացումը կատարեց։ Յանուն Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներուն, ան առաջնորդին նուիրեց յուշատախտակ մը՝ իբրեւ գնահատանք  տարիներու հոգեւոր առաջնորդի վաստակին եւ ծառայութեան։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Արփի Կիտցինեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան։

Առաջնորդը ներկաները հաղորդակից դարձուց Թարգմանչաց Ս. վարդապետներու դարաւոր ա-ւանդին եւ անոնց կտակած ոսկեղինիկ լեզուին, ապա գնահատեց Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներու անդամները ու յատկապէս Գրիգոր Մսրլեանը, «որոնք արժանաւոր ժառանգորդներն են առաքելահիմն Ս. եկեղեցւոյ, եւ հաւատարիմ ծառաները՝ Աստուծոյ խօսքին», ըսաւ ան։

Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում՝ սրբազան հօր քահանայական օծման քառասուն եւ առաջնորդութեան քսան ամեակներուն առիթով:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up