Հայ Դատը Համայնքային Հանդիպում Մը Կը Հիւրընկալէ Վերահսկիչ Ռապըրսընի Հետ

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը համայնքային հանդիպում մը հիւրընկալած է Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչ Ուինֆրետ Ռապըրսընի հետ, առիթ ընծայելով համայնքի անդամներուն, որ մօտէն ծանօթանան նոր նշանակուած պաշտօնատարին եւ խորհրդակցին անոր հետ։

Նորանշանակ պաշտօնատարը պատասխանատու է կրթաշրջանի 29 վարժարաններուն, որոնք ունին աւելի քան 25,000 աշակերտներ։

Հանդիպման ընթացքին վերահսկիչ Ռապըրսըն շեշտեց վարժարաններու եւ կրթութեան մակարդակը բարձրացնելու ջանքին համար համայնքին հետ սերտ յարաբերութիւններ ստեղծելու կարեւորութիւնը, միաժամանակ խոստանալով մօտէն գործակցիլ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։

Իր կարգին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ եւ իրաւաբանութեան ուսանող Փաթիլ Տէրտէրեան յիշեցուց, որ Հայ Դատը արդէն իսկ համագործակցութեան յատկանշական պատմութիւն ունի Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանին հետ, օրինակ՝ Կլենտէյլի Հանրային երկրորդական վարժարանին մէջ «Տարֆուրի ճամբար»ի կազմակերպումը, ուսուցիչներու վերապատրաստութեան իրականացումը եւ Ապրիլ 24ը արձակուրդի օր դարձնելու որոշումը։

Աւարտին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Գեւ Իսքաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքին ներկայ պաշտօնատարներուն, որոնց մէջ կային քաղաքապետարանի եւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամներ, Կլենտէյլի համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան ատենապետն ու անդամները։ Ներկայ էին նաեւ համայնքային շարք մը կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ։

Scroll Up