ՀՀ Վաստակաւոր Նկարիչ Անատոլի Աւետեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէս-Վաճառքը Գահիրէի ՄԷջ

Հոկտեմբեր 28-ին, առաւօտեան ժամը` 12:00-ին, Գահիրէի ամերիկեան համալսարանի Թահրիր հրապարակի մասնաշէնքին մէջ (Down Town Campus) տեղի պիտի ունենայ Հայաստանէն ժամանած ՀՀ վաստակաւոր նկարիչ Անատոլի Աւետեանի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս-վաճառքը:

«Հայերն այսօր»-ը յղում կատարելով Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջին կը յայտնէ, որ մինչ ցուցահանդէսը, նոյն օրը եւ նոյն վայրին մէջ, առաւօտեան ժամը` 10:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Գրանշան» ոչ լատինատառ տառատեսակներու 5-րդ միջազգային համաժողովը, որուն համակազմակերպիչը կը  հանդիսանայ ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը:

Scroll Up