«Շիրակ» Օդակայանէն Դէպի Մոսկուա Թռիչքներ Պիտի Իրականացուին

Ռուսական «Փոպետա» օդանաւային ընկերութեան հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է 2016 թուականի Նոյեմբերի վերջէն շաբաթական 3 անգամ Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանէն դէպի Մոսկուայի «Վնուքովօ» օդակայան, ինչպէս նաեւ, յետադարձ ուղղութեամբ թռիչքներ իրականացնել:

ՔԱԳՎ  մամուլի քարտուղար Սաթենիկ Յովհաննիսեանի փոխանցմամբ, օդանաւային ընկերութեան տոմսերու գիները պիտի ըլլան սկսած 10 հազար դրամէն: Թռիչքները պիտի կատարուին ցերեկային ժամերուն:

Scroll Up