Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակին Այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնատեղի
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/HMEM1_102416.jpg)
Կիրակի, 23 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, ՀՄԸՄ-ի կեդրոնատեղի այցելեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Վահան եպս. Յովհաննէսեանը` ընկերակցութեամբ քաղաքական հարցերու իր խորհրդական Արթիւր Խանճեանի:
Վահան եպս. Յովհաննէսեան ՀՄԸՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներու հետ: Հանդիպումին ներկայ եղան Կեդրոնական վարչութեան Պէյրութի նստավայրի անդամները` Գառնիկ Մկրտիչեան, Րաֆֆի Կէվօղլանեան, Վաչէ Նաճարեան, Իշխան Եղիայեան եւ Եւրոպայի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Պահարեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս Եւրոպայի հայութեան առնչուած հարցեր, տրուած ըլլալով, որ ՀՄԸՄ-ը մեծ աշխատանք կը տանի Միջին Արեւելքի տագնապահար երկիրներէն Եւրոպա ապաստանած հայորդիներու համախմբման եւ կազմակերպման մէջ: Վերջին տարիներուն ՀՄԸՄ-ի նոր մասնաճիւղեր ստեղծուած են Հոլանտայի, Գերմանիոյ եւ Շուէտի տարածքին, ուր Հայաստանեայց եկեղեցին ունի կառոյց եւ գործունէութիւն:
ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան եւ ապագայ ծրագիրներուն ծանօթանալէ ետք, Վահան եպս. Յովհաննէսեան իր կարգին խօսեցաւ Եւրոպայի տարածքին եկեղեցւոյ կատարած աշխատանքներուն մասին եւ ողջունեց ազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին` ՀՄԸՄ-ին հետ գործակցութեան ամէն տրամադրութիւն:
Հանդիպումին աւարտին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան Վահան եպս. Յովհաննէսեանը պատուեց յուշանուէրով մը: